«Սեկոտնիա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Խըրխըզիստանի նախագահ Ալմեզպեկ Աթամպայեւ ստորագրած է Ռուսիոյ հետ համաձայնագիրի վաւերացման մասին օրէնքը, ըստ որուն, կը նախատեսուի ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութեան կողմէ կազի «Խըրխըզ» պետական ընկերութեան գնում` 1 տոլարով:
Համաձայնագիրը ռուսական ընկերութեան կը պարտադրէ Խըրխըզիստանի կազի ոլորտին մէջ ներդրել 655 միլիոն տոլար:
Խըրխըզիստանի իշխանութիւններուն համաձայն, համաձայնագիրը ճիշդ քայլ է, որովհետեւ իրենց երկիրը չէր կրնար ընկերութիւնը առանձին դուրս բերել ճգնաժամէն:


