Բրիտանական «Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը զգուշացուցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը` դադրեցնելու բարձրաստիճան թուրք պաշտօնատարներու շուրջ փտածութեան հետաքննութեան իր միջամտութիւնը:
Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի մէկ բանբերը յայտնած է, որ Էրտողան ուղղակիօրէն կը խախտէ Եւրոպական Միութեան արդարադատութեան անկախութիւնը պաշտպանող օրէնքները, ինչ որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար կարեւոր պայման մըն է:
Ըստ «Թելեկրաֆ»-ի, բանբերը ըսած է. «Վերջին զարգացումները, ներառեալ` ոստիկանապետերու պաշտօնազրկումը եւ հետաքննութիւններուն մասին իշխանութիւնները տեղեակ պահելու ոստիկանութեան տրուած ցուցմունքները լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն հետաքննութեանց անկախութեան, ազդու ըլլալուն եւ անկողմնակալութեան, ինչպէս նաեւ իշխանութեանց անջատման վերաբերեալ»:
«Ասիկա յաւելեալ ձեւով կ՛ընդգծէ արդարադատական պատշաճ ոստիկանութիւն մը յառաջացնելու կարիքը, ինչպէս արդէն յանձնարարուած է Եւրոպական Միութեան կողմէ», նշած է ան:


