Երէկ` երեքշաբթի, 24 դեկտեմբեր 2013-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան հայկական քաղաքական դաշտին մէջ 2013-ին արձանագրուած երեք կարեւոր զարգացումներու շուրջ հարցազրոյց մը կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանի հետ:
Հարցազրոյցը կեդրոնացաւ Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցելու որոշումին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի Հայաստան այցելութեան եւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի հարցով Զուիցերիոյ դէմ արձակած վճիռին առնչուող հարցերուն վրայ:
Հարցազրոյցի տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքէջին վրայ:


