Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԵՐԿՐԻՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵԼՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆԱՄԷՏԻ ԵՒ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐԻ ՄԻՋԵՒ ԽՏՐՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ԴՐՈՒԻՐ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

June 21, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապահովական բնոյթի նիստին ընթացքին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ շեշտեց, որ առանց խտրութեան բոլոր շրջաններուն մէջ ապահովութեան ուժերուն դերակատարութիւնը մէկ է` անվտանգութեան ապահովումը:

Վարչապետը ընդգծեց, որ ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութեան պաշտպանութիւնը սակարկութեան հարց չեն, աւելցնելով, որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը կոչուած են պահպանելու թէ՛ իշխանամէտներուն եւ թէ՛ ընդդիմադիրներուն ապահովութիւնը եւ պաշտպանելու երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Միքաթի հաստատեց, որ իր նախագահած կառավարութեան հետ օրինազանցութիւնները պէտք չէ կրկնել:

Միքաթի այս կեցուածքները յայտարարեց վարչապետարանին մէջ ապահովական բնոյթի նիստի մը նախագահելու ընթացքին:

Նիստին ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժորժ Քարաա, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ զօր. Ռեմոն Խաթթար եւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար զօր. Ատնան Մըրհեպ:

Նիստին սկիզբը վարչապետը դրուատեց Թրիփոլիի զինեալ բախումները հակակշիռի տակ առնելու համար որդեգրուած ապահովական բոլոր քայլերը,  ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն համար, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Միքաթի շեշտեց նաեւ այդ միջադէպերուն շուրջ հետաքննութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ բացայայտել յանցագործները եւ պատժել զանոնք:

Միքաթի ընդգծեց, որ Թրիփոլին պիտի չըլլայ ճակատ մը, որ ամէն անգամ կարելի է բռնկեցնել` աւելցնելով, որ Թրիփոլին հիւսիսային Լիբանանի անկիւնաքարն է:

Վարչապետը առաջարկեց ապահովութեան ուժերուն միջեւ միացեալ յանձնախումբ մը կազմել եւ հետեւիլ երկրին ապահովութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխարգիլել Լիբանանի մէջ սադրանքներ նախապատրաստող կողմերուն փորձերը եւ արգիլել Լիբանանի ապահովական կայունութեան դէմ հասցուելիք հարուածները:

Ան յայտնեց, որ երկրին քաղաքական իշխանութիւնները իրենց վստահութիւնը եւ զօրակցութիւնը կը յայտնեն ապահովական ուժերուն, որպէսզի անոնք լրջօրէն հետեւին երկրին ապահովական կայունութեան պաշտպանութեան:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ արաբական երկիրներու դեսպանները` ներկայութեամբ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրի:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի ներկայացուց Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը` ընդգծելով, որ ինք կը փափաքէր քաղաքական բոլոր ուժերէն բաղկացած կառավարութեան մը կազմութիւնը, սակայն քաղաքական որոշ կողմի մը մերժումներուն պատճառով կարելի չէր աւելի սպասել` նկատի ունենալով մանաւանդ Լիբանանի սպառնացող ընկերային, տնտեսական եւ ապահովական վտանգները:

Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան ՄԱԿ-ի տուած միջազգային որոշումները, յատկապէս թիւ 1701 բանաձեւը կը յարգէ: Անդրադառնալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին` ան նկատել տուաւ, որ այդ մէկը ունի ներքին եւ արտաքին բաժիններ` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ գործող քաղաքական բոլոր ուժերը կը գիտակցին արդարութեան բանեցման եւ Լիբանանը ապահովական վտանգներէ զերծ պահելու անհրաժեշտութեան:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին. քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նախորդը

«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ՊԻՏԻ ՀԱՍՏԱՏԷ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ-ԲԱՆԱԿ-ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՌԵԱԿ ՏԱՐԱԶԸ» Կ՛ԸՍԷ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.