
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շարունակեց քննարկել երկիրը յուզող քաղաքական եւ ապահովական հարցերը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակման առումով կատարուող խորհրդակցութիւնները:
Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Նախագահական պալատ այցելեց նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:
Պատուիրակութիւնը նախագահ Սլէյմանին փոխանցեց նամակ մը` յղուած Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական ներկայ իրավիճակին վերաբերող խնդիրներ:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երկրին ապահովական զարգացումները քննարկեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Քննարկուեցաւ նաեւ հիւսիսային Լիբանանի իրավիճակը` նկատի ունենալով շաբաթավերջին այդ շրջանին մէջ արձանագրուած զինեալ բախումները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Լիբանանի մէջ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Ապտալլա Ապտալլա, որ նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ միջպաղեստինեան հաշտութեան մանրամասնութիւնները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ նախկին նախարարներ Եուսեֆ Սաատէն եւ Մոհամետ Ռահհալը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախկին Առաջին տիկին Մունա Հըրաուին:


