Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

June 21, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան ողջունեց Թրիփոլիի մէջ խաղաղութեան վերահաստատումը` շեշտելով, որ քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք է հեռու մնան լարուած յայտարարութիւններէն:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Սելիմ Քարամ շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակումի ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ անիկա պիտի ըլլայ հակիրճ եւ աւելորդաբանութիւններէ զուրկ: Քարամ նկատել տուաւ, որ իրենք կը յարգեն միջազգային բանաձեւերը եւ անոնց հետ կը գործակցին, պայմանաւ որ անոնք քաղաքականացած չըլլան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ զգուշացուց Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ վերստին ի յայտ եկող այն յայտարարութիւններէն, որոնք համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւններ կը հրահրեն:

ԻՍԼԱՄ քարոզիչ շէյխ Աֆիֆ Նապուլսի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց ամբողջ կարողականութիւնը ի գործ կը դնեն եւ ոչ մէկ ջանք կը խնայեն Իրանը, Սուրիան եւ Հըզպալլան իրարմէ բաժնելու նպատակով:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ ընդդիմութեան որդեգրած քաղաքական ուղեգիծը պէտք է ըլլայ շինիչ եւ պէտք չէ ապաւինիլ «Ինձմէ վերջ ջրհեղեղ»ի մտայնութեան:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ ժողովրդավարական կեանքին մէջ ընդդիմութիւնը անհրաժեշտ է եւ հիմնական` աւելցնելով, որ ընդդիմութիւնը զիրենք չի նեղացներ: Ան նկատել տուաւ սակայն, որ ընդդիմութիւնը շինիչ պէտք է ըլլայ եւ ոչ թէ անկազմակերպ քայլերու դիմէ: Ակնարկելով կառավարութեան մշակելիք աշխատանքային ծրագիրին` Նահհաս շեշտեց, որ անիկա պիտի ըլլայ լաւապէս ուսումնասիրուած, նկատել տալով միաժամանակ, որ այդ ծրագիրը արտաքին ոչ մէկ ուժ պիտի նեղացնէ եւ ներքին լիբանանեան առումով մտահոգութիւնները պիտի փարատէ:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ Լիբանանի կառավարութեան ուղղուած ամբաստանութիւնները քաղաքական են եւ շինծու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` յստակացնելու համար յառաջիկայ հանգրուանին գործադրուելիք ծրագիրները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները ժամանակաւոր չեն` աւելցնելով, որ ներքին առումով օգտագործուող որեւէ զէնք պիտի գրաւուի:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը իր տեղեկութիւնները քաղելով արաբական երկիրներուն մէջ գործող դիւանագիտական աղբիւրներէն յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան մօտալուտ պատերազմի հաւանականութիւն չկայ:

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հըզպալլա իր անդամներէն վեց հոգի ձերբակալած է` Իսրայէլի հետ գործակցելու յանցանքով:

Նոյն աղբիւրները նկատել տուին, որ վեց անդամներուն մէջ կայ նաեւ կրօնաւոր մը` Նապաթիէի շրջանէն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի կողմէ կառավարութենէն հրաժարելու հարցը մօտիկ ապագային պիտի լուծուի` Արսլանի մօտիկ անձնաւորութիւններէն մէկուն նախարար նշանակումով:

 

Նախորդը

ՔԱԶԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ՄԵՏՎԵՏԵՒԻ ՀՐԱՒԷՐՈՎ

Յաջորդը

ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՁՆՈՒՄԻ ԵՒ ՍՏԱՆՁՆՈՒՄԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.