Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱՊԻԼ ՇԱԱՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽՆԴՐԷ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՄԷՋ

June 21, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նապիլ Շաաս եւ Էդուարդ Նալբանդեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի ղեկավար, նախկին արտաքին գործոց նախարար Նապիլ Շաասը:

Ողջունելով հիւրը` արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը ամէնէն ջերմ զգացումները կը տածեն արաբական ժողովուրդներուն եւ պաղեստինցի ժողովուրդին նկատմամբ, որոնց հետ Հայաստան ունի դարաւոր բարեկամութիւն եւ այսօր ալ Հայաստան ուժական յարաբերութիւններ կը զարգացնէ արաբական երկիրներուն հետ: «Հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չմոռնայ, թէ ինչպէ՛ս Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած անոր հազարաւոր զաւակները ապաստան գտան արաբական երկիրներուն մէջ», ըսաւ Էդուարդ Նալբանդեան:

Անդրադառնալով հայ-պաղեստինեան յարաբերութիւններուն` Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստանի նախագահը`  իբրեւ պետութեան ղեկավար առաջիններէն էր, որ տակաւին 2000 թուականին պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Ռամալլա եւ հանդիպում ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան ղեկավարութեան հետ:

Նախարար Նալբանդեան յայտնեց, որ Հայաստան ուշադրութեամբ կը հետեւի արաբական երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն` յոյս յայտնելով, որ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող արմատական խնդիրները լուծուին ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրականացման ճամբով եւ անոնց արդիւնքները  նպաստեն ներազգային համերաշխութեան եւ կայունութեան հաստատման:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու, ինչպէս` Միջին Արեւելքի խնդիրի լուծման ներկայ հանգրուանին եւ հեռանկարներուն: «Հայաստան աշխարհագրական առումով մօտ է Միջին Արեւելքի շրջանին եւ մեծապէս կարեւոր կը նկատէ այնտեղ յարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը: Այս առումով մենք կ՛ողջունենք այն նախաձեռնութիւնները, որոնք ուղղուած են ներկայ խնդիրներու արդարացի եւ կողմերուն համար ընդունելի փոխադարձ զիջումային լուծման»,ընդգծեց Էդուարդ Նալբանդեան:

Նապիլ Շաաս ներկայացուց այս տարուան սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ Պաղեստինի անկախութեան ճանաչման վերաբերեալ նախատեսուող քուէարկութեան ընդառաջ տեղի ունեցող գործողութիւնները: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ Միջին Արեւելքի խնդիրի լուծման վերաբերող հարցերուն մէջ Հայաստան մշտապէս հաւասարակշռուած դիրքորոշում ցուցաբերած է: Պաղեստինեան պատուիրակութիւնը Հայաստանի աջակցութիւնը խնդրեց Պաղեստինի անկախութեան հռչակման հոլովոյթին մէջ:

 

Նախորդը

ՊԷՏՔ Է ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ ԳԵՐԻՆԵՐԸ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ՀԵՏ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.