Թրքական «Զաման» օրաթերթի յօդուածագիր Ֆիքրեթ Էրթան կը գրէ, որ 25 յունիսին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ Քազանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման վերջին առիթն ու յոյսն է:
«Հայ-իրանեան յարաբերութիւններն ու քազանեան վեհաժողովը» խորագիրով իր յօդուածին մէջ ան կ՛անդրադառնայ հայ-իրանեան յարաբերութիւններուն, Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի Հայաստան այցելութեան յետաձգման պատճառներուն, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին վերաբերեալ Թեհրանի դիրքորոշումին եւ 25 յունիսին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ Քազանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին:
«Մեր դրացիներուն` Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները, զորս կարելի է ուժեղ, սերտ եւ խորքային բնութագրել, կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ: Այդ յարաբերութիւնները առաւել բարձր մակարդակի հասցնելու համար երկու երկիրներու ղեկավարները կ՛իրականացնեն փոխադարձ այցելութիւններ, դէմ առ դէմ հանդիպումներ: Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ վերջերս պէտք էր Հայաստան այցելէր: Սակայն 6 յունիսին նախատեսուած այցելութիւնը վերջին պահուն չեղեալ յայտարարուեցաւ, որուն պատճառներուն մասին առայժմ այնքան ալ յստակ տեղեկութիւն չկայ», կը գրէ Էրթան` աւելցնելով. «Այցելութեան չեղեալ յայտարարման պատճառներուն մասին Հայաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Արմէն Արզումանեան յայտարարեց, որ Մահմուտ Ահմատինեժատի Հայաստան այցելութիւնը յետաձգուած է կողմերու փոխադարձ համաձայնութեամբ, եւ անիկա տեղի պիտի ունենայ աւելի յարմար ժամանակամիջոցի մը ընթացքին: Իսկ Ահմատինեժատի մամլոյ քարտուղար Հասան Սալեհին յայտարարեց, որ այցելութիւնը յետաձգուած է փաստաթուղթերու պատրաստ չըլլալուն պատճառով. անոնք պէտք է ստորագրուէին հայկական կողմի հետ` այցելութեան ընթացքին: Իսկ թէ ի՞նչ փաստաթուղթեր էին անոնք, ի՞նչ բովանդակութիւն ունէին, յայտնի չէ»:
«Ենթադրութիւնները հիմնականին մէջ կը կառուցուին այն հարցին շուրջ, թէ Իրան կողմ է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սթաթիւս քոյի պահպանման` կարծելով, որ ատոր վերացումը բացասաբար պիտի ազդէ շրջանին մէջ իր կշիռին եւ դերակատարութեան վրայ: Բացի ատկէ, Իրան դէմ է Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր յարակից շրջաններուն մէջ խաղաղապահ ուժերու հաւանական տեղակայումին, ուժեր, որոնց ենթադրաբար մաս պիտի կազմեն ամերիկեան կամ ՕԹԱՆ-ի ուժերը: Իրանը բազմաթիւ անգամներ յայտարարած է, որ խնդիրի վերջնական լուծումին պարագային չ՛ուզեր շրջանին մէջ տեսնել արեւմտեան ուժերէ կազմուած խաղաղապահ զօրախումբ: Բացի ատկէ, կ՛ուզէ կողմերուն միջեւ միջնորդութիւնը ինք ստանձնել»:
Անդրադառնալով Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումին` թուրք յօդուածագիրը կը գրէ, որ ատիկա հիմնախնդիրի լուծման վերջին կարելիութիւնն է: «25 յունիսին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ Քազանի մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի ղարաբաղեան հիմնախնդիրը: Այդ հանդիպումը կը նկատուի իբրեւ վերջին առիթ հիմնախնդիրի լուծման հարցին մէջ համաձայնութիւն ձեռք բերելու համար: Նոյնիսկ Ալիեւ հարցին այդպէս կը մօտենայ®Սակայն նախապէս շատ դժուար է ըսել` հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն պիտի գոյանա՞յ հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ, թէ՞ ոչ: Սակայն այդ հանդիպումը, հաւանաբար, կարելի է դիտել իբրեւ խնդիրի խաղաղ լուծման վերջին առիթ եւ վերջին յոյս», կը գրէ «Զաման»ի յօդուածագիրը:


