Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏՈՂԱՏԱԿԻ ԴԺԳՈՀՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵԼՈՎ ԹՐՔԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ. ԱՍԱՏ ԹՈՒՐՔԻԱ ԳԱՂԹԱԾ ՍՈՒՐԻԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԺԸՍԸՐ ՇՈՒՂՈՒՐ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ

June 21, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Ասատ` Դամասկոսի համալսարանին մէջ արտասանած իր ճառին ընթացքին

Սուրիոյ մէջ իրադարձութեանց սկիզբէն ի վեր իր երրորդ ճառին մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոսի համալսարանին մէջ յայտարարեց, որ Սուրիոյ դէմ նիւթուող «դաւը» զայն աւելի հպարտ կը դարձնէ եւ անոր դիմադրողականութիւնը կ՛աւելցնէ: Ան շեշտեց, որ ազգային համապարփակ երկխօսութիւնը ներկայ հանգրուանի խորագիրին վերածուած է:

Ասատ ընդգծեց, որ «խափանարարութեան եւ քաոսի միջոցով» բարեփոխութիւններ չեն կրնար կատարուիլ` կոչ ուղղելով «բարգաւաճիլ շարունակելու համար խափանարարութեան ենթարկուածը բարեկարգելու, խափանարարները դաստիարակելու  կամ մեկուսացնելու»:

Ան զինեալ աւազակախումբերը ամբաստանեց Սուրիան քանդելու եւ անոր կայունութիւնը քայքայելու յանցանքով` աւելցնելով, որ երկիրը խափանարարական արարքներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքայիններու եւ բանակայիններու շարքին «նահատակներու» արձանագրութեամբ դժուար օրերէ անցած է:

Սուրիոյ նախագահը նշեց, որ Սուրիա իր աշխարհագրական դիրքին եւ քաղաքական կեցուածքներուն համար միշտ ալ ներքին ու արտաքին դաւերու թիրախ դարձած է: Ան յայտնեց, որ արտաքին ճառերուն որեւէ կարեւորութիւն չ՛ընծայեր, այլ` կը կեդրոնանայ Սուրիոյ ներքին կացութեան վրայ: Այս առումով ան յայտարարեց, որ «Արդարադատութեան նախարարութենէն պիտի խնդրեմ  համաներումի հրամանագիրը ընդլայնելու կարելիութիւնը քննարկել»` աւելցնելով, որ համաներումը համապարփակ դարձնելու փափաք մը գոյութիւն ունի:

Ասատ յայտնեց, որ գոյութիւն ունին ծայրայեղականներ, որոնք ազատութեան եւ կրօնի անունով քաոսային վիճակ կը ստեղծեն: «Անոնք արդիական զէնքեր եւ հաղորդակցութեան միջոցներ ունին», նշեց ան:

Սուրիոյ նախագահը ըսաւ, որ սահմանադրութիւնը վերատեսութեան պիտի ենթարկուի` անոր կարգ մը կէտերը բարեփոխելու կամ նոր սահմանադրութիւն մը որդեգրելու համար` նշելով, որ կարելի է բարեփոխել սահմանադրութեան յօդուածներ, ներառեալ` 8-րդ յօդուածը, ըստ որուն, Պաաս կուսակցութիւնը կը ղեկավարէ երկիրը:

Ան կոչ ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք փախուստ տուած են վերադառնալու իրենց գիւղերն ու բնակավայրերը, մասնաւորաբար մատնանշելով Թուրքիա գաղթածները, որոնց կոչ ուղղեց Ժըսըր Շուղուր վերադառնալու: Ան երիտասարդութեան կոչ ուղղեց քաղաքական յառաջիկայ հանգրուանին պատրաստուելու, որպէսզի Սուրիան ամբողջ շրջանին համար բնորդի վերածուի: Ասատ չբաւարարուեցաւ անուղղակի կերպով Թուրքիոյ հասցէին այս ակնարկութիւնը կատարելով, եւ տողատակի թրքական կեցուածքներուն նկատմամբ դժգոհութիւն յայտնելով յայտարարեց.«Փոխանակ դասեր առնելու, մենք անոնց դասեր պիտի տանք»:

Նախքան ճառի արտասանումը, սուրիական լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ Ասատի ճառը համապարփակ պիտի ըլլայ եւ պիտի անդրադառնայ Սուրիոյ ներկայ կացութեան: Լաւատեղեակ աղբիւրներ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնած էին, որ Ասատի ճառը Թուրքիոյ նկատմամբ Դամասկոսի վերջնական կեցուածքը պիտի արտայայտէ: Սակայն Ասատ իր ճառին սկիզբը նշեց, որ ինք արտաքին կեցուածքներուն պիտի չանդրադառնայ, այլ պիտի կեդրոնանայ ներքին հարցերու վրայ: Մինչ այդ, «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը Ժըսըր Շուղուրի մէջ մեծաթիւ զէնք ու զինամթերք յայտնաբերած է եւ բազմաթիւ լարուած ականներ վնասազերծած:

Դամասկոսի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քապիչենքօ յայտնեց, որ Ասատին ճառը ապագային համար քաղաքական ծրագիր մըն է եւ աւելցուց.«Սուրիա ապագայ լուծումներու բանալին է»:

Թուրքիոյ նախագահի քաղաքական խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիլ իր կարգին «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած էր, որ Թուրքիա Ասատի ճառին կը սպասէ` շեշտելով, որ սուրիական վարչակարգը արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար մէկ շաբթուան պայմանաժամ մը ունի, որմէ ետք սուրիական ղեկավարութեան որեւէ օժանդակութիւն կարելի չէ տրամադրել:

«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիա կը պատրաստուի յառաջիկային Դամասկոս ուղարկել յատուկ բանագնաց մը, որ Անգարայի կողմէ Ասատին պիտի ներկայացնէ շարք մը պահանջներ, որոնց շարքին` անյապաղ պաշտօնանկ ընել իր եղբայրը` 4-րդ զօրաբաժինի հրամանատար Մահեր Ասատը, բարեփոխումներ կատարել, խաղաղ ցոյցերը արտօնել, բանտերէն ազատ արձակել Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութեան անդամները եւ երկրին մէջ ապահովել խօսքի ազատութիւնը: Անգարան Ասատին երաշխիքներ պիտի տայ, որ եթէ Մահեր Ասատ հրաժարի, դատական հետապնդումի պիտի չենթարկուի:

Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին բացառեց Ռուսիոյ կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիան դատապարտող բանաձեւի մը զօրակցութեան կարելիութիւնը:

 

 

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

Յաջորդը

«ՔԱԶԱՆԸ ՎԵՐՋԻՆ ԱՌԻԹՆ Է» ԿԸ ԳՐԷ «ԶԱՄԱՆ»

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.