Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պարտադիր Կուտակայինի Երաշխիքային Հիմնադրամը Կեղծ Է» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

December 19, 2013
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Artsvik_Yerkir.1812Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան «Երկիր»-ին յայտնեց, որ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգը արդարացնելու ընթացքին ԱՊՊԱ-ն (փոխադրական միջոցներու օգտագործումէն բխող պատասխանատուութեան պարտադիր ապահովագրութիւն) իբրեւ օրինակ ներկայացնելը կը խօսի արհեստավարժութեան պակասի եւ հանրութիւնը թիւրիմացութեան մէջ ձգելու մասին:

Պէտք է նշել, որ 2014 թուականի պիւտճէի քուէարկութեան ժամանակ Հայաստանի վարչապետը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ կենսաթոշակային բարեփոխումը համեմատեց ԱՊՊԱ-ի բարեփոխումին հետ` ըսելով, որ այն ժամանակ ալ մարդիկ դէմ էին, բայց տարիներ ետք դէմ արտայայտուողները տեսան, որ այդ բարեփոխումը ինքզինք արդարացուց:

Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, ԱՊՊԱ-ն եւ կենսաթոշակային համակարգը միանգամայն անհամադրելի են: ԱՊՊԱ-ն կը խօսի երրորդ արկածի ապահովագրութեան մասին, իսկ կենսաթոշակային բարեփոխումը կ՛առնչուի տուեալ մարդու ծերութեան եւ նուազող եկամուտներուն հետ:

«Ես միշտ կը բերեմ այն օրինակը, ճիշդ է` երգիծական տեսքով, որ եթէ դուն կրնաս մեքենայ ունենալ, բայց անոր վնաս չհասցնել, սակայն չես կրնար ապրիլ ու չծերանալ: Պետութեան պարտականութիւնն է ծեր մարդուն ապահովել արժանապատիւ կենսապայմաններ: Ճիշդ այս դաշտին մէջ կը ձեւաւորուի պետութեան հիմնական պարտաւորութիւնը», ըսաւ պատգամաւորը: Ըստ անոր, եթէ օր մը կենսաթոշակային ֆոնտերը սնանկանան, պատասխանատու պէտք է ըլլայ պետութիւնը, ահա թէ  ինչու քաղաքացիին դրամը սեփական հիմնադրամներուն փոխանցելը պետութեան` պարտաւորութենէ խուսափիլ կը նշանակէ:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ իշխանութիւնը, իբրեւ երաշխիք, կը ներկայացնէ «երաշխիքային հիմնադրամ» հասկացողութիւնը, Մինասեան նշեց, որ երաշխիքային հիմնադրամը որեւէ էական նշանակութիւն չունի: «Սահմանադրական դատարանին ներկայացուած դիմումով մենք հիմնաւորած ենք, որ օրէնքով ներկայացուած երաշխիքը կեղծ է», ըսաւ պատգամաւորը` բացատրելով, որ ըստ օրէնքին, հիմնադրամներու երաշխաւորութեան 20 առ հարիւրը երաշխիքային հիմնադրամը կու տայ, իսկ 80 տոկոսը` պետական պիւտճէն:

Ըստ Մինասեանի, պարզ հաշուարկը ցոյց կու տայ, որ քանի մը տարի ետք Հայաստանի որեւէ պետական պիւտճէ չի կրնար ապահովել այսպիսի ֆոնտերու փոխհատուցումը: Ըստ պիւտճէի համակարգի օրէնքին, պիւտճէի երաշխիքը չի կրնար նախորդ տարուան հարկային եկամուտներու 10 առ հարիւրէն աւելի ըլլալ, որ չ՛անցնիր 100 միլիառի սահմանը, մինչդեռ պարտադիր կուտակային ֆոնտերու պարագային երկրորդ տարուընէ սկսեալ մենք կը գտնուինք կեղծ երաշխիքներու դաշտին մէջ», ըսաւ Մինասեան:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Սահակեանի Եւ Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումէն Ետք. «Որոշակի Հանգրուանի Ընթացքին Ղարաբաղը Պէտք Է Վերադառնայ Բանակցային Հոլովոյթ» Ըսաւ Իկոր Փոփով

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.