
Թուրքիոյ մէջ ծագած փտածութեան գայթակղութեան ծիրին մէջ նոր անուններ շրջանառութեան մէջ դրուած են: Ըստ թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթին, այդ անուններուն շարքին է նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի աւագ որդիին` Պիլալի անունը:
Ըստ օրաթերթի տեղեկութեանց, երեքշաբթի օր ձերբակալուած Պոլսոյ Ֆաթիհ շրջանի ղեկավարը գործարարական կապեր ունի վարչապետի որդիին հետ, որ Ֆաթիհի քաղաքապետարանի կառավարման խորհուրդի անդամ է:
Կը նշուի, որ Պիլալ Էրտողան անօրինական շինութիւններ կառուցելու արտօնութիւն ստացած է:
Նախապէս տեղեկութիւն տարածուած էր, որ փտածութեան գայթակղութեան ծիրին մէջ գաղտնալսուած է նաեւ վարչապետ Էրտողանի հեռախօսը:
Երեքշաբթի օր Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած էին երեք նախարարներու որդիներ, պաշտօնեաներ ու գործարարներ, որոնց փտածութեան յանցագործութիւններու գործով մեղադրանք ներկայացուած է: Ձերբակալեալներն են Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուամեր Կիւլերի, տնտեսութեան նախարար Զաֆեր Չաղլայանի եւ քաղաքաշինութեան նախարար Էրտողան Պայրաքթարի որդիները` Պարըշ Կիւլեր, Սալիհ Քաան Չաղլայան եւ Օղուզ Պայրաքթար, ինչպէս նաեւ թուրք մեծահարուստ Ալի Աղաօղլու, Պոլսոյ Ֆաթիհ վարչական շրջանի ղեկավար Մուսթաֆա Մեմիր, «Հալք» դրամատան գլխաւոր տնօրէն Սուլէյման Ասլան, բնապահպանութեան եւ տնտեսութեան նախարարութիւններու աշխատակիցներ: Ձերբակալեալներու շարքին է նաեւ ազրպէյճանցի գործարար Ռեզա Զարապ:
Ներքին գործոց նախարար Կիւլեր չեղեալ յայտարարած է իր այցելութիւնը Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիա, ուր ան պիտի մասնակցէր Թուրքիոյ, Յունաստանի եւ Պուլկարիոյ միջեւ ընդհանուր մաքսակէտի բացման արարողութեան:
Դատական հոլովոյթին մասնակից դատախազներու անունները ծանօթ են Թուրքիոյ հանրութեան: Անոնցմէ մէկը Պոլսոյ հանրային դատախազի տեղակալ Զեքերիա Օզն է, որ յայտնի է «Էրկենեքոն»-ի գործով դատավարութենէն, ինչպէս նաեւ դատախազ Ճելալ Քարա:
Էրտողան երէկ «մեծ փտածութեան» հարցով հետաքննութեան թղթածրարի պատասխանատու 5 ապահովական տնօրէններու պաշտօնազրկման հրամանագիր մը հրապարակեց:


