Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուքրանիա Եւրոպական Միութեան Հետ Հինգ Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրէ» Ըսաւ Ազարով

December 19, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նիքոլայ Ազարով
Նիքոլայ Ազարով

Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ վարչապետ Նիքոլայ Ազարով յայտարարած է, որ ուքրանական կառավարութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան ընդլայնման շուրջ աշխատանքներու ծիրին մէջ կը պատրաստուի հինգ համաձայնագիր ստորագրելու:

«Մեր կառավարութիւնը, ինչպէս կը նախատեսուէր, պիտի շարունակէ եւրոպական համարկման շուրջ համակարգային աշխատանքը: Այսօր կառավարութիւնը «կանաչ լոյս» կու տայ Ուքրանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ հինգ համաձայնագիրներու ստորագրման», ըսած է Ազարով:

Ան նշած է, որ այդպիսի փաստաթուղթերու շարքին են համաձայնագիրներ, որոնք կ՛աջակցին Ուքրանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համաձայնութիւններուն` ուղղուած «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրի ծիրին մէջ հաստատութենական բարեփոխումներ կատարելուն, հասարակութեան ուղղուած «Տեղական զարգացում» ծրագիրները, Ուքրանիոյ աջակցութեան ծրագիրները` գաղթի հոլովոյթներու կառավարման եւ ապաստանի տրամադրման հարցով:

Բացի ատկէ, վարչապետը նշած է Եւրոպական Միութեան եւ Ուքրանիոյ միջեւ հիւլէական անվտանգութեան տարեկան ծրագիրը, Ուքրանիոյ ուժանիւթային ռազմավարութեան զարգացման իրականացման աջակցութեան շարունակութիւնը, որ կը նախատեսէ շրջակայ միջավայրի ապականութեան կրճատում:

Ռուսիոյ Հետ Համաձայնութիւնը
Քիեւը Փրկած Է Սնանկացումէն

Ուքրանիոյ վարչապետը նաեւ յայտարարած է, որ Ուքրանիա առանց Ռուսիոյ հետ համաձայնութեան պիտի սնանկանար եւ ընկերային քայքայման մէջ պիտի յայտնուէր:

«Ի՞նչ կը սպասէր Ուքրանիոյ: Պատասխանը ակնյայտ է` սնանկութիւն եւ ընկերային քայքայում: Ահա Ուքրանիոյ ժողովուրդին այդ պարագային այդպիսի ամանորեան նուէր կը սպասուէր», ըսած է Ազարով:

Մէկ օր առաջ Մոսկուա եւ Քիեւ համաձայնութիւն գոյացուցած են, որ Ռուսիա կազի համար զեղչեր պիտի կատարէ եւ 15 միլիառ տոլարի վարկ պիտի տրամադրէ:

Քոնկրեսը Կրնայ Ուքրանիոյ Դէմ
Պատժամիջոցներ Հաստատել

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը կը պատրաստուի քննարկելու Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ բանաձեւի նախագիծ մը, որուն հեղինակն է դեմոկրատական քոնկրեսական Էլիըթ Էնկըլ:

Նախագիծին մէջ կը նշուի, որ եթէ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները շարունակեն բռնութիւն կիրարկել խաղաղ ցուցարարներուն դէմ, ապա Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը կրնայ պատժամիջոցներ կիրարկել անոնց դէմ, որոնք ուժի կիրարկման համար հրամաններ կու տան եւ այդ հրամանները կը կատարեն:

Բացի ատկէ, բանաձեւի նախագիծին մէջ կ՛ըսուի, որ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակեն աշխատիլ` Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած ներքաղաքական ճգնաժամը խաղաղ ճամբով լուծելու ուղղութեամբ:

Տանիել Ֆրիտրիխ Շթուրմ գերմանական «Տի Վելթ» թերթին մէջ կը գրէ, որ Գերմանիոյ նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայըր իր երդումի արարողութեան առիթով առաջին ելոյթին ընթացքին յայտնած է, որ «հունի մէջ մտնելու համար իրեն ժամանակ պէտք չէ»: «Իր նախորդին` Կիտօ Վեսթերվելլէին շնորհակալութիւն յայտնելով` Շթայնմայըր «գայթակղութիւն» անուանած է այն, թէ ինչպէ՛ս Ռուսիա օգտագործած է Ուքրանիոյ դժուար կացութեան մէջ ըլլալու փաստը, որպէսզի այդ երկիրը ետ կանգնեցնէ Եւրոպական Միութեան հետ համարկման հոլովոյթէն», կը գրէ Շթուրմ:

Ըստ յօդուածագիրին, Շթայնմայըր Ռուսիան քննադատելով իրեն համար ոչ բնորոշ քայլի դիմած է, որովհետեւ ինքն է հինգ տարի առաջ Գերմանիոյ ու Ռուսիոյ միջեւ ժամանակակից համագործակցութեան գաղափարի հեղինակը:

«Բայց հիմա` հինգ տարի ետք, ան Ռուսիոյ աւելի յստակ կերպով կը նայի: Հետաքրքրական է` արտաքին գործոց նախարարը պիտի շարունակէ՞ Ռուսիան աւելի բացայայտ կերպով քննադատել», կը հարցնէ Շթուրմ` եզրափակելով իր անդրադարձը:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Տումային առջեւ միջազգային անմիջական զարգացումներուն անդրադարձող իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Քիեւի վրայ անոր ազգային շահերու հարցով ճնշում բանեցնելու անամօթ փորձերը մեր զարմանքը կը յառաջացնեն»:

 

Նախորդը

«Ռուսիա Պատրաստ Չէ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութիւն Սահմանելու Վրաստանի Քաղաքացիներուն Համար» Ըսաւ Լաւրով

Յաջորդը

Էրտողանի Որդին Կրնայ Ձերբակալուիլ Փտածութեան Գայթակղութեան Հարցով

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.