Dni.ru կայքէջը կը գրէ, որ Բրիտանիոյ երաժշտական մարզը երկրի տնտեսութեան տարեկան 5.6 միլիառ տոլար եկամուտ կը բերէ:
Աւելի շատ միջոցներ կը բերեն երաժիշտները, երգահանները եւ երգերու հեղինակները` 2.6 միլիառ տոլար: Ամէնէն եկամտաբեր աստղերը կը նկատուին երգչուհիներ Էմըլի Սանտէն եւ Ատելը:
Երգչուհիներու ալպոմները գլխաւորած են 2012-ի բրիտանական ցուցակները: Երկրի համախառն ներքին արտադրութեան մէջ ձայնագրութիւնները կ՛ունենան 1.031 միլիառ տոլարի, համերգային գործունէութիւնը` 1.077 միլիառ տոլարի, իսկ ալպոմներու հրապարակումը` 654 միլիոն տոլարի ներդրում:
Ինչ կը վերաբերի երաժշտական արտադրութեան արտածման, ապա ատիկա 2.2 միլիառ տոլարի եկամուտ կ՛ապահովէ:
Փորձագէտները նշած են, որ առաջին անգամ հրապարակուած այս թիւերը ցոյց կու տան, թէ ինչպիսի ներդրում կ՛ընէ ինքնին երաժշտութիւնը` իր բոլոր դրսեւորումներով:


