Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Մարդկային Իրաւունքները Ընդդէմ Ազգային Իրաւունքներուն Եւ Առաջնահերթութիւններու Ճշդումի Հարցը

December 19, 2013
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

crt102580553Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռը, որուն համաձայն Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական արարք կարելի չէ նկատել, իբրեւ բացատրութիւն կը հիմնուի ազատ կարծիքի սկզբունքին հիման վրայ: Ածանցեալ հիմնաւորում կայ սակայն Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռին մէջ: Կ՛ըսուի պարզ ձեւով, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առումով միատեսակ կարծիք չկայ: Ճիշդ այստեղ է, որ մարդկային իրաւունքի եւրոպական կառոյցը ինքզինք կը մատնէ: Հարցը կը համեմատուի հրէական Ողջակիզումին հետ:

Հիմա փորձենք համեմատել ազատ կարծիքի իրաւունքը եւ միջազգային համախոհութիւնը: Եթէ մարդու կարծիքի ազատութիւնը բացարձակ եւ անքննարկելի սկզբունք է, ապա այդ պարագային միջազգային համաձայնութիւն մը տուեալ երեւոյթին  նկատմամբ ինչպէ՞ս կրնայ արգիլել այդ կարծիքի հրապարակումը: Փաստօրէն արգիլուած է ժխտել հրէական Ողջակիզումը: Իսկ նման դիրքորոշում մը, մարդու կարծիքի արտայայտութեան դէմ դրուած ճնշամիջոց չէ՞:

Առանց խորանալու այլ հիմնաւորումներու բացատրութեան մէջ, միայն այս անհամատեղելիութիւնը կը պարզէ խնդիրին մօտենալու զուտ քաղաքական մղումը: Որովհետեւ, բողոքառուն Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանն է եւ ոչ թէ միջազգային դատարանը: Իսկ Եւրոպական դատարանը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ գոյացած համախոհութիւնը դատելու համար պիտի հիմնուէր Եւրոպական խորհրդարանին որդեգրած կեցուածքներուն, դիրքորոշումներուն եւ բանաձեւերուն վրայ եւ ոչ թէ միջազգային ընտանիքին ընդհանրապէս: Տարբեր հարց, որ մասնակիօրէն այս ձեւով եւրոպական կառոյց մը իր դիրքորոշումով կը հակասէ եւրոպական պետութեան մը որդեգրած օրէնքին: Բայց իրաւաբանական մեկնաբանութիւններուն ծալքերուն ոլորապտոյտէն հեռու մնալու համար կեդրոնանանք հարցի քաղաքական մօտեցումներուն վրայ:

Յիշենք, որ նոյն Ֆրանսան իր Ազգային ժողովի մէկ հաստատութենէն միւսը եւ` փոխադարձաբար, հարցը քաղաքական շրջագայութիւններու մէջ դնելէ ետք, չհաստատեց օրինագիծի սահմանադրականութիւնը` ինքնահակասական  ակներեւ  երեւոյթ մը պարզելով դիպաշարին հետեւողներուն առջեւ: Նոյն Ֆրանսայի համար քրէականացուած է հրեաներու Ողջակիզումը, մինչ սահմանադրական չի նկատուիր Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը պատժելի նկատելը: Իսկ այստեղ միջազգային համախոհութեան եւ համաձայնութեան յղում կատարելու խնդիր չկայ, որովհետեւ կը խօսինք երկրի մը մասին, որ պաշտօնապէս ճանչցած է երկու ցեղասպանութիւնները: Իսկ Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանին շատ հանգիստ յղում կը կատարէ այսօր Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը:

Եւրոպական ինքնահակասական դրսեւորումները` իրենց կարգին: Հայկական կողմը  անհրաժեշտութեան առջեւ է վերանայելու իր մարտավարութիւնը այս հարցին ուղղութեամբ: Կարծիքի կամ արտայայտուելու ազատութիւնը ընդհանրապէս քաղաքակիրթ երկիրներու համար օրինաչափ է, որ գերարժեւորումի ենթարկուի: Այստեղ մեր խնդիրը զուտ հայեցողական առումով արդէն իսկ որոշ խոչընդոտներու կը հանդիպի, մանաւանդ երբ նկատի կ՛ունենանք, որ ժխտողականութեան քրէականացումի աշխատանքը առաւելաբար կեդրոնացած է եւրոպական միջավայրերու վրայ: Ասոր վրայ կ՛աւելնան նաեւ հրէական խմբաւորումներուն կողմէ անուղղակիօրէն ստեղծուող արգելակումները` Ողջակիզման պարագայի եզակիութիւնը պահպանելու համար:

Այս եւ նմանատիպ հանգամանքներու բերումով, արդիւնքը կ՛ըլլայ այն, որ Ֆրանսայի կամ Զուիցերիոյ մէջ մեր առաւելները կը վերածուին նուազներու: Այն երկիրները, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, այժմ կը մերժեն զայն ժխտելու քրէականացումը կամ ալ կ՛ենթարկուին քրէականացման իրենց որոշումներու բեկանումներուն:

Ճանաչումէն հատուցում աշխատանքային անցումի մէջ եղող հայկական կողմը բոլոր պատճառները ունի այսօր իր մարդուժն ու տնտեսուժը ըստ առաջնահերթութիւններու կեդրոնացնելու: Իսկ այդ առաջնահերթութիւնները առաւելաբար կը վերաբերին Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակակից խնդիրներուն: Ապաշրջափակումի պահանջը, Անգարայի նախապայմանային քաղաքականութեան մերժումը, արցախեան հակամարտութեան մէջ թրքական միջնորդութեան նկրտումներուն անընդունելիութիւնը առաջադրանքներ են, որոնք  Թուրքիոյ վարքագիծը միջազգային նորմերուն կը հակադրեն եւ այդ առումով  առաւելներ կրնան ապահովել հայկական կողմին:

«Ա.» 

Նախորդը

Սահակեանի Եւ Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումէն Ետք. «Որոշակի Հանգրուանի Ընթացքին Ղարաբաղը Պէտք Է Վերադառնայ Բանակցային Հոլովոյթ» Ըսաւ Իկոր Փոփով

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.