Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

67 ՄԵՍՐՈՊԵԱՆՑԻ ԾԱՂԻԿՆԵՐ ԾԱՂԿԵՑՈՒՑԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՊԱՐՏԷԶԸ

June 21, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 11 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ, աւելի քան 900 ներկաներու առջեւ մանկապարտէզին հրաժեշտի հանդէսով ներկայացան Ծաղիկ դասարանի 67 աշակերտներ` Բողբոջ եւ Կոկոն դասարանցիներուն հետ միասնաբար:

Օրուան յայտագիրը մեկնարկեց աշակերտներուն բեմ մուտքով եւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներու կատարումով:

Այնուհետեւ հանդէսին բացման խօսքը փոխանցեցին աշակերտներ Ցոլեր Գաճաօղլանեան, ժիւլիա Քէօշկերեան, Կարէն Ներսէսեան եւ Բալիկ Տօնիկեան:

Բացման խօսքին յաջորդող Ծաղիկ դասարաններու զոյգ խմբերգներէն ետք խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ: Տնօրէնը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք ժամանակին ցանեցինք առողջ հունտեր եւ այսօր վստահ ենք, որ այդ հունտերուն տուած բերքը բարեբեր է»: Խօսքը ուղղելով ծնողներուն` տնօրէնը ըսաւ. «Այսօր առիթն է, որ իմ խորին շնորհակալութիւնները յայտնեմ ձեզի` մեր կրթօճախին հանդէպ ձեր տածած վստահութեան համար: Այդ վստահութիւնը մեզ կը գօտեպնդէ, որպէսզի դէպի առաջ նայինք հաւատքով ու յաւելեալ թափով եւ եռանդով լծուինք մեր ծրագիրներու իրագործման դժուարին, բայց միեւնոյն ատեն արգելք չճանչցող աշխատանքներուն:  Մենք ամէն ինչ ըրած ենք եւ դեռ պիտի ընենք աւելի բարձրացնելու համար մեր վարժարանին ընդհանուր մակարդակը: Այդ մէկուն պիտի հասնինք միասնաբար` ձեռք-ձեռքի տուած: Եւ այդ մէկը պիտի սկսինք դպրոցի «հիմնաքարէն»` մանկապարտէզէն»:

Տնօրէնի խօսքի աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն յաջորդեց գեղեցկօրէն պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրը` կատարողութեամբ մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտութեան:

Հանդէսի աւարտին խօսք առաւ մանկապարտիզպանուհի  Մարիա Պէօճեքեան, որ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով օժանդակած էին այս հանդէսի պատրաստման աշխատանքներուն: Ան նաեւ գեղեցիկ ծաղկեփունջերով պատուեց մանկապարտէզի ուսուցչուհիները` ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին անոնց տարած քրտնաջան աշխատանքին համար, յայտնելով իր երախտագիտական զգացումները:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Նախորդը

ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈԼԵՃԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՀԱՆԴԷՍ

Յաջորդը

ԱԶԳ. ՍԻՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՀԱՆԴԷՍ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.