Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈԼԵՃԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՀԱՆԴԷՍ

June 21, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 12 յունիս 2011¬ին, առաւօտեան ժամը 11:00¬էն սկսեալ Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի սրահին մէջ հետաքրքրական եւ մանկական անմեղունակ մթնոլորտ մը կը տիրէր: Արդարեւ, այդ օրը մանկապարտէզի աշակերտներուն ամավերջի հանդէսն էր, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր աշակերտ կը փորձէ իր լաւագոյնը հրամցնել իր ծնողքին եւ դպրոցին հիւրերուն: Անոնք իսկապէս ալ յաջողեցան իրենց մանկական ուրոյն ոճով հարստացնել հանդէսը:

Արդարեւ, վարժարանի մանկապարտէզի աշակերտները իրենց թատերական ներկայացումներով ու պարերով ներկաներուն փոխանցեցին հանդէսին պատգամը` տիպար աշակերտ ըլլալու կարեւորութիւնը, որովհետեւ տիպար աշակերտն է, որ ապագային պիտի ըլլայ տիպար մարդ եւ հայ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, երկչոտ, սակայն ժպտուն դէմքերով, դանդաղ քայլերով, բայց իրենց ուսուցուած շարժումները լաւագոյնս կատարելու ճիգով բեմ բարձրացան եւ հանդիսութեան բացման պարը կատարեցին բողբոջ դասարանի աշակերտները: Ապա անոնց միացան Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները եւ բոլորը միասին հետաքրքրական կերպով ներկայացուցին բոլորին ծանօթ շողգամի երգախաղը: «Շողգամը տեղէն հանելէ ետք» տարբեր յաջորդականութեամբ երեք դասարանները հանդէս եկան չափական, մաքրութեան, աշխատասէրներու, քէֆի, պարիկներու եւ փակման պարով մը: Բոլոր պարերը կ՛ընդմիջուէին թատերական կարճ ներկայացումներով, որոնց ընդմէջէն հանդէսին մասնակից աշակերտները կը գտնուէին տիպար աշակերտի յատկանիշները եւ խաւաքարտերու վրայ գրուած յատկանիշները կը զետեղէին դասարանը ներկայացնող բեմին մէկ անկիւնը` պատին վրայ: Տիպար աշակերտ ըլլալու տուեալներու փնտռտուքը իր մէջ կը բովանդակէր պատգամ մը, որ ուղղուած էր նաեւ սրահին մէջ ներկայ փոքրիկներուն:

Փակման աշխուժ եւ խանդավառ պարէն ետք բեմ բարձրացաւ Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան, որ ուրախութեամբ յայտնեց, թէ մանուկները կը նմանէին կանաչ պարտէզի մէջ ծաղկած մէկական գեղեցիկ ծաղիկներու, որոնք ոչ միայն տեսքով գրաւիչ են, այլ` ապագան արտացոլացնող եւ յոյս ներշնչող: Ան դիտել տուաւ, որ երբ առօրեայէն յոգնած մարդ հանգիստի տեղ կը փնտռէ, նման պարտէզ մը լաւագոյն ընտրութիւնն է հանդարտ ու ուրախալի պահեր անցընելու, որովհետեւ այդ պահուն կը մոռցուին ամէն տեսակ դժուարութիւն ու հարց, եւ տիրական կը դառնան յոյսն ու հպարտութիւնը: Ն. Վէքիլեան նաեւ նշեց, որ ընտրուած թեման ոգեւորող էր աշակերտներուն համար ալ, որպէսզի անոնք ունենան այն տուեալները, որոնց փնտռտուքը կատարեցին հանդէսին ընթացքին:

Ս. Խանամիրեան ազգային քոլեճի տնօրէնը ըսաւ, որ մանկապարտէզի վկայականները այն առաջին արգասիքն են, որ աշակերտը կը ստանայ իբրեւ վարձատրութիւն եւ զէնք, որովհետեւ կեանքի պայքարը կը սկսի հոնկէ:

Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մնայուն կերպով կը զօրակցին վարժարանին, որպէսզի անիկա աւելի արդիւնաւորուի, բարգաւաճի ու շարունակէ իր երթը:

Խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով` տնօրէն Ն. Վէքիլեան յայտնեց, որ այսօր անոնք կը գտնուին այն բեմին վրայ, ուրկէ տարիներ ետք պիտի ստանան իրենց երկրորդականի վկայականները, իսկ քանի մը տարի անց անոնք պիտի վերադառնան` նեցուկ կանգնելու այն նորափթիթ մանուկներուն, որոնք իրենց տեղը առած պիտի ըլլան եւ նոյն բեմին վրայ կանգնելով` մանկապարտէզի վկայականներ պիտի ստանան: Խանամիրեանականներու այս նուիրումը հիմնական երաշխիք է դպրոցի առաքելութեան շարունակութեան, դիտել տուաւ ան:

Ապա սրահ մտան օրուան «ծաղիկները»` շրջանաւարտները, որոնք բեմ բարձրացան ներկաներուն բուռն ծափողջոյններուն ներքեւ: Վարժարանի տնօրէնը բեմ հրաւիրեց դպրոցի բարերար Սուրէն Խանամիրեանը, վարժարանի աշակերտներէն եղած Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանը, մանկապարտէզպանուհի Լիզա Բրինձեան¬Պէլեանը, որպէսզի յանձնեն վկայականները:

Վկայականներ ստացան` Արժինեան Լէա, Ազզամ Սերժ, Գասապեան Սինթիա, Գոզեան Ճենիֆըր, Մարտիրոսեան Սագօ, Մկրտիչեան Մարիանա, Շորճեան Գառնիկ եւ Պետրոս Մեղրի:

Աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, որ օրը նկատեց այգեկութքի օր, երբ բերքահաւաք տեղի կ՛ունենայ, հասունցած պտուղները կը հաւաքուին եւ կը ներկայացուին հանրութեան: Ան հաստատեց, որ այս վկայականները աշխարհին բացող ուղիներ են, անոնք անդրանիկ զէնքեր են, որոնք պիտի խթանան, զօրացնեն ու մղեն նորանոր վկայականներու տիրանալու եւ նուաճումներ արձանագրելու, նաեւ` ծառայելու ազգին, հայրենիքին ու դպրոցին:

Թորգոմ վարդապետ նաեւ գնահատեց ծնողները, որոնք իրենց զաւակները վստահեցան հայապահպանման օճախ հանդիսացող այս դպրոցին` շեշտելով, որ հայկական վարժարանին նկատմամբ սէրը կը սկսի տունէն, կը փոխանցուի մեր ծնողներուն կողմէ: Ան հաստատեց, որ իւրաքանչիւր հայ իր գրպանէն, միտքէն եւ հոգիէն տալիք ունի հայկական վարժարաններուն, որպէսզի անոնք աւելի եւս զօրանալով` շարունակեն իրենց առաքելութիւնը եւ աւելի բարձր դիրքերու հասցնեն հայ աշակերտները:

Իր խօսքի աւարտին ան գնահատեց տնօրէնութիւնը, ուսուցիչները եւ բոլոր անոնք, որոնք նուիրական աշխատանքով կանգուն կը պահեն այս կարեւոր կառոյցը:

Ն. Բ.

Նախորդը

ԱԶԳ. ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Յաջորդը

67 ՄԵՍՐՈՊԵԱՆՑԻ ԾԱՂԻԿՆԵՐ ԾԱՂԿԵՑՈՒՑԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՊԱՐՏԷԶԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.