Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԶԳ. ՍԻՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՀԱՆԴԷՍ

June 21, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգ. Սիրան Մանուկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 10 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ:

Այս տարուան հանդէսը նուիրուած էր հայ մանուկին, որովհետեւ Հայ մանուկի տարի յայտարարուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ:

Հայ մանուկին առօրեայէն մեկնելով` Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Տարեդարձ» խորագիրով պատմութիւնը:

Բեմը կը ներկայացնէր տան մը պարտէզը` զարդարուած գունաւոր, գեղեցիկ ծաղիկներով եւ ծառերով: Մէկ անկիւնն ալ զետեղուած էր տարեդարձի կարկանդակի սեղանը: Թէ՛ բեմը եւ թէ՛ սրահը գեղեցկացուած էին լոյսերու հիանալի սարքաւորումով:

Հանդէսը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ քոլեճի քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Ապա մանկամսուրի աշակերտները հանդէսին բացումը կատարեցին իրենց պարով` մերթ լալով ու մերթ շուարած իրենց ծնողները դիտելով: Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ուրախութեամբ եւ համարձակութեամբ ներկայացուցին «Լոռիին տարեդարձը»` հմայելով ներկաները: «Տարեդարձի» ընթացքին ծաղիկ դասարանի աշակերտները պարեցին արաբական եւ ամերիկեան պար մը եւ երգեցին հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն երգեր: Կոկոնի աշակերտները պարեցին խամաճիկներու եւ նուէրներու պար մը ու երգեցին հայերէն երգեր, իսկ Բողբոջի աշակերտները պարեցին փուչիկներու եւ քունի պարեր:

Հանդէսը աւարտեցաւ մեքսիքական ճոխ նուագով մը` ղեկավարութեամբ Շողեր Թորիկեան-Նաշեֆի, որուն ընկերակցեցան Ծաղիկ դասարանի աշակերտները` հարուածային նուագարաններով: Ծաղիկ դասարանի աշակերտները իրենց վկայականի հագուստներով պարեցին հայկական պար մը եւ արժանացան ներկաներուն բուռն ծափահարութեան:

Փոքրիկները «Տարեդարձ» պատմութիւնը ներկայացնելու ատեն ոչ միայն երգեցին, պարեցին, ուրախացան եւ հաճելի մթնոլորտ ստեղծեցին, այլ անդրադարձան նաեւ ընդհանրապէս մանուկին եւ մասնաւորաբար հա՛յ մանուկին իրաւունքներուն (սնունդ, մաքուր օդ եւ արեւու լոյս, գուրգուրանք, երգ, պար, խաղ եւ մարզանք, քուն, ուսում եւ հայկական վարժարան): Ամէն անգամ, որ փոքրիկները այս իրաւունքները կը ներկայացնէին, վերը, պատէն կախուած տուփիկ մը կը լուսաւորուէր:

Ապա մանկապարտիզպանուհին` Վերա Ստեփանեան, բեմ բարձրացաւ փոխանցելու իր խօսքը, որուն մէջ անդրադարձաւ, թէ թատրոնի ընթացքին, փոքրիկները ոչ միայն ուրախ եւ զուարթ երգերով եւ պարերով մթնոլորտ մը ստեղծեցին, այլ հասկցան, որ միութիւնը ուժ է, եւ թէ` միասնութեամբ կրնան հասնիլ իրենց փափաքին: Ապա բեմ հրաւիրեց փոքրիկ վկայեալները, ինչպէս նաեւ` անոնց հայրերը, որպէսզի հայրերու տօնին առիթով ստանան իրենց զաւակներուն կողմէ պատրաստուած վկայականները:

Այս տարուան հանդէսին անակնկալը եղաւ այս երեւոյթը, եւ հայրերը ուրախութենէ յուզուած` բեմ բարձրացան ու իրենց զաւակներէն ստացան վկայականները. սրահը թնդաց ծափահարութիւններով:

Ապա բեմ հրաւիրուեցան Սարգիս քհն. Սարգիսեանը եւ քոլեճի տնօրէնուհի Սեդա Պոյաճեանը, որպէսզի կատարեն վկայականներու բաշխումը: Անկէ ետք տէր հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցեց` շեշտելով հայ մանուկին իրաւունքները, հայկական վարժարանին կարեւորութիւնը եւ շնորհաւորեց վկայեալներն ու անոնց ծնողները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց հանդէսը պատրաստողներուն:

Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.

ԾԱՂԻԿ (1)

Ալին Այանեան, Քլարա Այնթապլեան,     Մէյրի Իշխանեան, Կրէյս Ներսէսեան, Նեքթարիա Սահակեան, Փերլա Վարդանեան, Սեպուհ Աղասարգիսեան, Յովսէփ Աշճեան, Քրիստ Գազեզեան, Րաֆֆի Թաթոսեան, Մայքըլ Հալլաճեան, Միհրան Պէրպէրեան   , Շանթ Տիգրան Պէրպէրեան, Ալպերթ Սարեան:

ԾԱՂԻԿ (2)

Մարի-Քլեր Գարատանայեան, Կալի Թագւորեան, Սերենա Լեփեճեան, Բալիկ Պաղտասարեան, Ռիթա Սալլում, Սերա Փամպուքեան, Նարեկ Արսլանեան, Կարօ Էտոյեան, Կարէն Խաչերեան, Վարանդ Կիրակոսեան, Կապրիէլ Մանուկեան, Արշակ Մելքոնեան, Անտրէաս Մինասեան, Ռիքարտօ Սալլում, Էլիօ Քէշիշեան:

Նախորդը

67 ՄԵՍՐՈՊԵԱՆՑԻ ԾԱՂԻԿՆԵՐ ԾԱՂԿԵՑՈՒՑԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՊԱՐՏԷԶԸ

Յաջորդը

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ ՀՕՄ-Ի ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.