Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարտադիր Կենսաթոշակային Համակարգին Դէմ Բողոքի Ցոյցերու Ծիրին Մէջ. 17 Դեկտեմբերին Երթ` Դէպի Սահմանադրական Դատարան

December 13, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ert-(1)17122013

Պարտադիր կենսաթոշակային համակարգին դէմ քաղաքացիները հերթական բողոքի ցոյցի կը պատրաստուին:

17 դեկտեմբեր 2013-ին Հայաստանի Ազգային ժողովի չորս խմբակցութիւնները (ՀՅԴ, Հայ ազգային քոնկրես, Բարգաւաճ Հայաստան եւ Ժառանգութիւն) պիտի դիմեն Սահմանադրական դատարան: Պատգամաւորներուն պահանջը Սահմանադրական դատարանէն պիտի ըլլայ «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքի շարք մը դրոյթներ հակասահմանադրական ճանչնալ, ինչպէս նաեւ Սահմանադրական դատարան ներկայացուող դիմումը պիտի պարունակէ միջնորդութիւն` 1 յունուար 2014-ին կասեցնելու օրէնքի գործադրումը:

17 դեկտեմբերին «Ընդդէմ պարտադիր կենսաթոշակային վճարներու» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը խնդիրով հետաքրքրուած բոլոր քաղաքացիներուն երթի կը հրաւիրէ:

«Երթը պիտի սկսի Ազատութեան հրապարակէն, ուրկէ պատգամաւորներուն հետ պիտի քալենք դէպի Սահմանադրական դատարան: Իւրաքանչիւրս պարտաւոր ենք պահանջատէրը ըլլալ մեր սահմանադրական իրաւունքներու պաշտպանութեան, քանի որ ոչ ոք մեր փոխարէն ատիկա կրնայ ընել: Մեր բոլորին ներկայութիւնը ոչ միայն ցանկալի է, այլեւ պարտադիր: Բոլորով միասին պարտադրենք «Պարտադիրի» հեռացումը օրէնքէն: Եւ ուրեմն` կը հանդիպինք 17 դեկտեմբերին` ժամը 12:30–ին, Ազատութեան հրապարակին վրայ: Միացէք եւ տարածեցէք: ԴԵՄ ԵՄ խումբ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Այս մասին արտայայտուելով ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան չբացառեց, որ երթը հանրահաւաքի վերածուի:

Ան յայտարարեց, որ Սահմանադրական դատարան դիմելու անհրաժեշտութիւն յառաջացած է, քանի որ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը համաձայն չէ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի գործադրութիւնը կանխելու ուղղութեամբ միջոցներ ձեռնարկելու:

Պատգամաւորը նաեւ խոստացած է, որ Սահմանադրական դատարանին կողմէ ընդդիմադիրներու դիմումը մերժելու պարագային իրենք կրկին այդ հարցին առնչութեամբ խորհրդարանի արտահերթ նիստ պիտի գումարեն, ինչպէս նաեւ պիտի փորձեն հասնիլ համաժողովրդական հանրաքուէի կայացման:

Մինասեան հաղորդեց, որ Սահմանադրական դատարան դիմելու համար անհրաժեշտ 27 պատգամաւորական ստորագրութեան փոխարէն արդէն կան 32 ստորագրութիւններ: Նշենք, որ 1 յունուար 2014-էն պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի գործադրութիւնը հասարակական մեծ արձագանգ գտած է Հայաստանի մէջ, քանի որ համընդհանուր ընկերային ճգնաժամի պայմաններուն մէջ քաղաքացիներուն վրայ լրացուցիչ հարկային բեռ կը դրուի:

 

Նախորդը

1915-ի Դէպքերը Ցեղասպանութիւն Որակող Թուրք Ուսանողները Կրնան Զրկուիլ Կրթաթոշակէն

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարաւային Ափրիկեան Արձագանգներու Մասին Հազուագիւտ Փաստաթուղթ Մը Յայտնաբերուած Է

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.