
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Սահնաուին, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Զօր. Քահուաժիի այցելեց Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Վիքթոր Միրսէան: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու բանակներուն միջեւ յարաբերութիւնները:


