
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր իրանցի պաշտօնակից Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի հետ Թեհրանի մէջ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան կասեցման կ՛աջակցին, ինչպէս նաեւ կը զօրակցին Սուրիոյ կայունութեան եւ հողային ամբողջականութեան պահպանման:
Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ բոլոր համայնքներու եւ յարանուանութեանց համար հաւասար իրաւունքներու յարգումին, որպէսզի անոնք իրենց երկրին մէջ ապահով զգան եւ երկրին քաղաքական զարգացման մասնակից դառնան:
«Սուրիոյ տագնապին լուծումը «Ժընեւ-2»-ին մէջ է, եւ կը յուսանք, որ սուրիացի ժողովուրդին ու յարանուանութեանց բոլոր ներկայացուցիչները ներկայ ըլլան, ինչպէս նաեւ արտաքին դերակատարները, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ», ըսաւ Լաւրով` շեշտելով, որ «Իրան կարեւոր դերակատար մըն է եւ «Ժընեւ-2»-ին անոր ներկայութիւնը կարեւոր է»:
Այլ հարցով` Լաւրով ըսաւ, որ «մենք խաղաղ նպատակներու համար հիւլէական ուժանիւթ օգտագործելու Իրանի իրաւունքը հաստատեցինք»` նշելով, որ «Մոսկուա իրանցի պաշտօնատարներուն հետ տեղի ունեցած դրական քննարկումներէն ուրախ է»:
Ան ըսաւ, որ իրենք երկու երկիրներուն միջեւ բոլոր մարզերուն մէջ յարաբերութիւնները ընդլայնելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւն գոյացուցած են երկու երկիրներուն միջեւ միացեալ յանձնախումբ մը յառաջացնելու: Լաւրով յոյս յայտնեց, որ նշեալ յանձնախումբը շուտով հանդիպում ունենայ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ իր կարգին յայտնեց, որ «Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները հիմնական են»` նշելով, որ երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ կապերը, ինչպէս նաեւ դիւանագէտներուն միջեւ հանդիպումները կ՛ընդլայնին:
Ան յոյս յայտնեց, որ այդ յարաբերութիւնները երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեան ենթահող պատրաստեն` ի շահ երկու երկիրներուն` նշելով, որ «Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ համաձայնութիւնը նպաստեց Սուրիոյ մէջ միջամտութեան դէմ կանգնելու»:
«Արապիյա»` յղում կատարելով Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ներկայացուցիչին, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները յայտարարած են, որ դադրեցուցած են ոչ մահացու զինուորական օգնութեան տրամադրումը Սուրիոյ հիւսիսային հատուածին մէջ կռուող ընդդիմադիրներուն, երբ «Իսլամական ճակատ»-ը յարձակելով գրաւած է Սուրիական ազատ բանակի Գերագոյն զինուորական խորհուրդի թուրք-սուրիական սահմանին վրայ գտնուող շտապ-բնակարանն ու պահեստները:
Ոչ մահացու զինուորական օգնութիւն ըսելով` Միացեալ Նահանգները նկատի ունին զինուորական սարքաւորումները, փոխադրամիջոցները, կապի միջոցները եւ այլն, որոնք վտանգ չեն ներկայացներ մարդոց համար:
«Մեկնելով ստեղծուած իրավիճակէն` Միացեալ Նահանգներ դադրեցուցած են Սուրիոյ հիւսիսային մասին ոչ մահացու զինուորական օգնութեան տրամադրումը», նշած է բանբերը, որ միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ մարդասիրական օգնութեան մատակարարման հոլովոյթը պիտի շարունակուի:


