Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Հարցախոյզի Մը. Պաղեստինցիներուն 60 Առ Հարիւրը Երրորդ Ինթիֆատա Մը Կարելի Կը Նկատեն

December 12, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IntifadaԱրաբական աշխարհի հետազօտութեանց եւ բարգաւաճման հիմնարկի` Պաղեստինի մէջ կատարած հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ պաղեստինցիներուն 54 առ հարիւրը կը զօրակցի Իսրայէլի հետ բանակցութեանց ներկայ փուլին, 42 առ հարիւրը դէմ է, իսկ 5 առ հարիւրը չէ կողմնորոշուած: Սակայն հարցախոյզին մասնակիցներուն 34 առ հարիւրը բանակցութեանց արդիւնքներուն նկատմամբ լաւատեսութիւն յայտնեց, իսկ 54 առ հարիւրը` յոռետեսութիւն: Հարցախոյզը նաեւ ցոյց տուաւ, որ նշեալ բանակցութեանց նկատմամբ Այսրյորդանանի մէջ զօրակցութեան համեմատութիւնը 55 առ հարիւր է, իսկ Կազայի մէջ` 51 առ հարիւր: Այսրյորդանանի բնակիչներուն 37 առ հարիւրը նաեւ լաւատես է այդ բանակցութեանց նկատմամբ, իսկ այդ համեմատութիւնը Կազայի մէջ 30 առ հարիւր է:

Օսլոյի համաձայնագիրէն քսան տարի ետք հարցախոյզին մասնակիցներուն 35 առ հարիւրը այժմ իրենք զիրենք պաղեստինեան պետութեան երազի իրականացման աւելի մօտ նկատեցին, իսկ 57 առ հարիւրը` աւելի հեռու: Հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ Այսրյորդանանի բնակիչները այս հարցով աւելի լաւատես են (38 առ հարիւր), քան Կազայի բնակիչները (30 առ հարիւր):

Հակառակ յոռետեսութեան, հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ պաղեստինցիներուն 52 առ հարիւրը կ՛աջակցին երկու պետութիւններու լուծումին, ինչ որ անցեալ տարուան արդիւնքներէն 7 կէտով աւելի է: Այսրյորդանանի մէջ այդ լուծումին զօրակցողներուն թիւը 44 առ հարիւրէն բարձրացած է 56 առ հարիւրի, իսկ Կազայի մէջ այդ համեմատութիւնը մնացած է 50 առ հարիւրի վրայ:

Պաղեստինցիներուն 58 առ հարիւրը կը զօրակցին Պաղեստինի ազատագրութեան եւ անկախ պետութեան հաստատման համար խաղաղ միջոցառումներու կիրարկման:

Հարցախոյզի մասնակիցներուն 60 առ հարիւրը կը նախատեսէ, որ մօտիկ ապագային երրորդ ինթիֆատա մը ծագի, սակայն անոնց 66 առ հարիւրը ատոր ծագման դէմ է, ինչպէս նաեւ 60 առ հարիւրը կը նշէ, որ մտադիր չէ ինթիֆատային մասնակցելու:

Ինչ կը վերաբերի ներպաղեստինեան կացութեան, Կազայի մէջ հարցախոյզին մասնակիցներուն 65 առ հարիւրը նշեց, որ հասարակութիւնը սխալ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ, իսկ Այսրյորդանանի մէջ այդ համեմատութիւնը 52 առ հարիւր էր:

Հարցախոյզը կատարուած է 20-22 հոկտեմբեր 2013-ին:

 

Նախորդը

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Նախկին Զինուորականներ Կը Դատուին Քսան Տարի Առաջ Վեց Քիւրտեր Չարչարելնուն Համար

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.