
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ կառավարութեան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերու պետական նախարար Հիու Ռոպըրթսընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-բրիտանական յարաբերութիւնները:
Ռոպըրթսըն շեշտեց Բրիտանիոյ կողմէ Լիբանանի ցուցաբերուած զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին շրջագիծին մէջ Լիբանանին մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու յանձնառութիւնը:
Ռոպըրթսըն յայտնեց, որ ինք նախագահ Սլէյմանին խոստացած է, թէ Բրիտանիա պիտի օժանդակէ Լիբանանին` հոն հասած սուրիացի գաղթականներուն կարիքները հոգալու ծիրին մէջ:
Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Բրիտանիոյ եւ Լիբանանի նկատմամբ անոր ցուցաբերած օժանդակութեան համար` յոյս յայտնելով, որ այդ գործակցութիւնը շարունակուի եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդուին:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպել, որ ներկայացուց նախարարական յանձնախումբերուն ստանձնած աշխատանքներուն արդիւնքը:
ՄԻՒՍ կողմէ, «Ախպար եաում» լրատու գործակալութեան համաձայն, նախագահ Սլէյմանի նախագահական նստաշրջանը սովորական աւարտ մը պիտի չունենայ, այլ` յստակ մատնահետքեր պիտի ձգէ զանազան մարզերու մէջ:


