Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

December 11, 2013
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.»-ը Եւ «Սինոփսիս Արմենիա»-ն
Կը Շարունակեն Համագործակցիլ` Հայաստանի
Աշխատանքային Շուկային Արտադրութեանը Պատրաստ
Շրջանաւարտներ Տրամադրելու Ուղղութեամբ

Viva-Cell-_Synopsys-Armenia«Սինոփսիս Արմենիա»-ի, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ  Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիային համագործակցութեան ծիրին մէջ բացումը կատարուած է կրթական նոր գիտաշխատանոցի: Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութիւնը` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը  մօտաւորապէս 31 միլիոն դրամ յատկացուցած է Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիային` «Կապի միջոցներու միկրոելեկտրոնային սխեմաներ եւ համակարգեր» ամպիոնին մէջ կրթական ժամանակակից երրորդ գիտաշխատանոց ստեղծելու համար: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի ներդրած նիւթական աջակցութեան շնորհիւ` լսարանային տարածքը համապատասխանեցուած է արդի ուսումնական պահանջներուն եւ չափանիշներուն: Լսարանը ապահովուած է համակարգիչով: Յատկացուած են նաեւ ամպիոնի մասնագէտ դասախօսական կազմին աշխատավարձը եւ այլ վճարները:

2011-ին եռակողմ համաձայնագիր ստորագրած էին  կրթական միատեղ ծրագրի ստեղծման մասին` տնտեսագիտական ոլորտի մասնագէտներ պատրաստելու ուղղութեամբ: Երեք տարուան ընթացքին ստեղծուած է կրթական երեք գիտաշխատանոց, որուն համար «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը ներդրած է մօտաւորապէս 74 միլիոն դրամ: «Սինոփսիս Արմենիա»-ն Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիային անվճար հիմունքներով տրամադրած է ելեկտրոնային նախագծման ուսումնական փաթեթի հաւաստագիրներ, համապարփակ ուսումնական նիւթեր, ինչպէս նաեւ` ամպիոնի դասախօսական կազմի վերապատրաստում:

«Կրթութիւնը այն ոլորտն է, որուն զարգացման համար անհրաժեշտ են լաւ հաշուարկուած եւ նպատակաուղղուած ծրագրեր: Այստեղ ներդրուած միջոցները հիմնականօրէն պիտի արդիւնաբերեն ոչ թէ անմիջապէս, այլ` տարիներ ետք: Անոնք, սակայն, անգնահատելի են եւ չափազանց կարեւոր` երկրի ապագան կանխորոշելու հարցին մէջ: Մենք ձգտած ենք ստեղծելու այնպիսի պայմաններ, որոնք մասնագիտացման ճանապարհին թոյլ պիտի տան ուսանողին ապահովելու յաջողելու հաւանականութիւնը եւ իբրեւ մասնագէտ` անոր լիարժէք կայացումը: Ժամանակակից գիտաշխատանոցները կրնան նորովի բացայայտել ուսանողին ձիրքերը` կրթութիւնը դարձնելով առաւել գրաւիչ եւ արդիւնաւէտ», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:

Համալսարանի արտադրութիւն համագործակցութեան կրթական այս ձեւի կիրառումը արդարացուած է: Ան կարելիութիւն կ՛ընձեռէ ունենալու պատրաստուած շրջանաւարտներ, որոնք համապատասխան գիտելիքներ եւ ունակութիւններ ունին` արդիւնաւէտ ցուցանիշ ապահովելու համար: «Սինոփսիս Արմենիա»-ի կողմէ իրականացուող կրթական ձեւին համաձայն, պսակաւոր արուեստից ու գիտութեան ծրագիրի երկրորդ տարուան աւարտին բարձր յառաջադիմութեամբ ուսանողները մրցութային կարգով կ՛ընդգրկուին ծրագրին մէջ: Ընտրութիւնը կը կատարուի «Սինոփսիս»-ի, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի մասնագէտներու եւ Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիային դասախօսներուն կողմէ: Ծրագիրը աւարտած լաւագոյն ուսանողները այժմ կարելիութիւն  ունին  ուսումնառութիւնը շարունակելու ամպիոնի մագիստրոսական բաժանմունքին մէջ:

«Տեղեկատուական եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտի զարգացման գերկարեւոր նախապայմանն է բարձրորակ եւ ժամանակակից պահանջները բաւարարող մասնագէտներուն առկայութիւնը»,  յայտնած է «Սինոփսիս Արմենիա»-ի տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեանը: «Այս ծրագիրը ոլորտին մէջ տեսական գերժամանակակից գիտելիքներով եւ գործնական հմտութիւններով զինուած մասնագէտներու պատրաստման համար եռակողմ համագործակցութեան փայլուն օրինակն է»:

«Միքրոելեկտրոնային  սխեմաներ եւ համակարգեր ամպիոնը աւելի մեծ կարելիութիւն ստացաւ  աւելի բարելաւելու «Կապի միջոցներու միքրոելեկտրոնային սխեմաներ եւ համակարգեր» մասնագիտացմամբ ուսանողներու մասնագիտական որակներու բարձրացումը», ըսած է Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, «Սինոփսիս Արմենիա»-ի ուսումնական բաժանմունքի տնօրէն եւ Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիային` «Կապի միջոցներու միքրոելեկտրոնային  սխեմաներ եւ համակարգեր»  ամպիոնի վարիչ Վազգէն Մելիքեանը: «Նոր լսարանի բացումը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ սկսելու եւ իրագործելու մագիստրոսական ծրագիր նոր մասնագիտութեամբ»:

«Այս  համագործակցութիւնը Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիայի եւ «Սինոփսիս Արմենիա»-ի, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի հետ մեծապէս կը նպաստէ եւ կ՛աջակցի ակադեմիայի պսակաւորի եւ մագիստրոսի կրթական ծրագիրներու բարելաւման` տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ ուսանողներուն առաջարկելով նոր մակարդակի մասնագիտական գիտելիքներ եւ հմտութիւններ, յատկապէս` միքրոելեկտրոնիքայի մասնագիտացման շրջանակներուն մէջ», ըսած է Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիայի նախագահ Անդրանիկ Աւետիսեանը:  «Ուսումնառութեան ընթացքին եւ գործնական փորձառութեան ժամանակ ուսանողներուն կարելիութիւն կ՛ընձեռէ կիրառել գիտելիքները եւ հմտութիւնները իրական նախագիծերու շրջանակներուն մէջ, բան մը, որ նաեւ կը նպաստէ անմիջապէս ուսումնառութեան աւարտէն ետք մասնագիտական աշխատանքը սկսելու»:

Գիւմրիի Մէջ Բացուեցաւ Ռուս Լուսանկարիչ Եուրի Փաւլովի
«Յետերկրաշարժեան Լենինական» Նիւթով Ցուցահանդէսը

Գիւմրիի «Կալերի 25» պատկերասրահին մէջ դեկտեմբեր 6-ին բացուեցաւ ռուս լուսանկարիչ Եուրի Փաւլովի աշխատանքներու ցուցադրութիւնը, ուր ներկայացուած են յետերկրաշարժեան Լենինականի (ներկայիս` Գիւմրի) փաստագրական լուսանկարներ, որոնք ստեղծուած են 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժի անմիջական տպաւորութեամբ: Ցուցադրութեան կազմակերպման նախաձեռնողը բեմադրիչ Արմէն Գասպարեանն է:

Եուրի Փաւլովը լրագրութեամբ չէ զբաղած, սակայն 1988 թուականի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի մասին լսելէ ետք, սեփական նախաձեռնութեամբ, դեկտեմբեր 7-էն չորս օր անց կու գայ Լենինական: «Երկրաշարժի մասին լսեցի հայրենի Քալինինկրատի մէջ, ուր այդ օրը ցուցադրութիւն ունէի: Այդ ժամանակ 30 տարեկան էի, նման բան չէի պատկերացներ: Ցնցուած վիճակի մէջ էի կատարուածէն: Այդ օրերը իմ մասնագիտական կեանքիս մէջ շրջադարձային եղան:

«Լենինականի մէջ մնացի չորս օր: Առնուած լուսանկարները այնքան տպաւորիչ ու ցնցող էին, որ ես այլեւս չցանկացայ փաստագրական լուսանկարներ ընել եւ սկսայ յատուկ նիւթերու լուսանկարներու շարք ստեղծել», ըսած է լուսանկարիչը:

Անոր խօսքով, յետերկրաշարժեան լուսանկարներու թիւը աւելի շատ է, բայց ան չէ ուզած, որ երկրաշարժէն 25 տարի անցնելէ ետք քաղաքի բնակիչներուն մէջ կրկին դառն յիշողութիւն արթնցնել, որոշած է ցուցադրութեան ճամբով ներկայացնել  միմիայն անոնց մէկ մասը: Լուսանկարիչին` «Լենինականի հրապարակ», «Դեկտեմբեր 11-ի լուսաբաց», «Քաղաքի բնակչութեան հաւաքը», «Արտաքսում», «Տղամարդու արցունքներ» եւ միւս բոլոր լուսանկարները տպագրուած են փրօ-էքշըն մեթոտով:

Տեղեկացնենք, որ Եուրի Փաւլովի այս աշխատանքները տարբեր ժամանակներու մէջ ներկայացուած են Քալինինկրատի եւ Լեհաստանի մէջ: Ան 1990 թուականէն Ռուսիոյ լուսանկարիչներու միութեան անդամ է եւ` բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր:

Արցախի Հերոս Պետոյի Ծննդեան 50-ամեակը
Նշուեցաւ Գիտաժողովով

Այս տարի կ՛ամբողջանայ Արցախի հերոս, ազգային-ազատագրական պայքարի մարտիկ Պետրոս Ղեւոնդեանի ծննդեան 50-ամեակը: Այս առիթով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Զարգացման ծրագիրներու հայկական կեդրոնին նախաձեռնութեամբ, 30 նոյեմբերին «Մայր Հայաստան» զինուորական թանգարանին մէջ ընթացք առաւ հերոսին նուիրուած գիտաժողովը:

«Պետոն իսկապէս առասպել էր: Անոր կերպարը կ՛ոգեշնչէր եւ այսօր ալ տակաւին կ՛ոգեշնչէ այն զինուորները, որոնք կը շարունակեն անոր գործը` սահմաններու պաշտպանութիւնը: Նախատեսուած է նաեւ կազմակերպել քանի մը ձեռնարկներ` նուիրուած Պետոյին: Այս գիտաժողովով մենք մէկ անգամ եւս կ՛արժեւորենք անոր անցած ճանապարհը, կը խօսինք անոր կերպարին, ձգած ռազմական, հայրենասիրական արժէքներուն մասին: Ձեռնարկին ընդգրկուած են բոլոր այն ոլորտներու ներկայացուցիչներուն զեկոյցները, որոնք պատասխանատու են երիտասարդ սերունդի դաստիարակութեան հարցին մէջ: Պետոյի անցած ուղին բոլորս գիտենք: Ցաւօք, 1994-ին ընդհատուեցաւ զինուորին եւ մեծ մտաւորականին կեանքը: Հերոսները մեզի հետ են, անոնք կ՛ոգեշնչեն մեզ իրենց հոգեւոր ներկայութեամբ», գիտաժողովին սկիզբը յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան նախագահ, գնդապետ Վանիկ Մինասեանը:

«Հերոսը յիշելը եւ անոր գործունէութեան անդրադառնալը շնորհակալ գործ է: Արցախեան ազատամարտը հայ ժողովուրդին ազգային ազատագրական պայքարի բաղկացուցիչ մասերէն մէկն է: Եթէ Պետոն եւ իր զօրամասը չլինէին, թշնամիները թերեւս կարենային ներխուժել մինչեւ Զանգեզուր», դիտել տուած է «Մայր Հայաստան» զինուորական թանգարանի տնօրէնի գիտական գծով տեղակալ, պատմական գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆեսէօր Համլեթ Գէորգեանը:

Զեկոյցներով հանդէս եկած են նաեւ «Պատանի պատմագէտներու ակումբ» կազմակերպութեան նախագահ Արա Յակոբեանը, «Երիտասարդութեան կամք» կազմակերպութեան նախագահ Աննա Գրիգորեանը, Շահումեանի տարածքային զինուորական պատասխանատուներէն Ռոմիկ Մարգարեանը: «Մայր Հայաստան» զինուորական թանգարանի տնօրէն Աւագ Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ շեշտած է, որ թանգարանը` օգտագործելով ժամանակակից արհեստագիտութիւնները, լծուած է մեր արժէքներու աշխուժ քարոզչութեան:

Եունեսքօ–ի Համաշխարհային Ժառանգութեան
Ցանկին Մէջ Ներառուելու Նոր Դիմումներ

Հայաստան աշխուժ քայլերու կը ձեռնարկէ մշակութային իր գոհարները ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառելու նպատակով: Ցարդ ցանկին մէջ նկատի առնուած են երեք կոթողներ` Հաղպատի եւ Սանահինի վանական համալիրները` իբրեւ մէկ կոթող, Էջմիածինի մայր տաճարը, Հռիփսիմէ, Գայեանէ, Շողակաթ եկեղեցիները եւ Զուարթնոցի տաճարի աւերակները` իբրեւ մէկ կոթող, ինչպէս նաեւ` Գեղարդը եւ Ամադու կիրճը: Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեան լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ մինչեւ տարեվերջ նախարարութիւնը նպատակ ունի  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէին ներկայացնել արդէն իսկ ցանկին մէջ գտնուող Սանահինի վանական համալիրի ընդլայնման եւ Երեւանի մէջ տեղակայուած իրանեան Կապոյտ մզկիթի ընդգրկման դիմումներ:

«Մտածած ենք Սանահինի վանական համալիրը ընդլայնելու մասին` դիմումնագիրի մը մէջ ներառելով նաեւ անոր յարակից, 13-րդ դարու կամուրջը եւ 1233 թուականի առանձին կառոյց հանդիսացող Կայանաբերդը, որ նախկին դիմումնագիրի մը մէջ արձանագրուած չէր», նշած է Սամուէլեան:

Ան դիտել տուած է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած հայկական մշակութային կոթողները կը ներկայացուին նաեւ այլ երկիրներու մէջ գտնուող կառոյցներու վերաբերող դիմումներու ընդմէջէն:

«Իրանեան ցուցակի մը մէջ կայ հայկական եկեղեցիներու անուանակարգ, ուր ներկայացուած են երկու վանական համալիր եւ մէկ եկեղեցի, այս նախաձեռնութիւնը շարունակելի է», նշած է փոխնախարարը` աւելցնելով, որ Իրանը այն եզակի երկիրներէն է, ուր հայկական եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ կրթական մշակութային օճախներու նկատմամբ մեծ հոգածութիւն կը ցուցաբերուի:

Հայկական կողմը, իբրեւ բարի կամքի արտայայտութիւն եւ իւրայատուկ պատասխան` Իրանին, նպատակ ունի մինչեւ 2013 թուականի աւարտը դիմում ներկայացնել նաեւ Հայաստանի տեսարժան եւ պատմական վայրերէն հանդիսացող Կապոյտ մզկիթը ցանկին մէջ ներառելու նպատակով: «Բոլոր յուշարձանները, որոնք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ կան, հիմնականօրէն մեր միջնադարեան քրիստոնեայ հաւատալիքին կը վերաբերին: Հակառակ որ դիմումնագրեր կազմելու տեսանկիւնէն քիչ մը դժուար է, սակայն փորձառական տեսանկիւնէն շատ հետաքրքրական կ՛ըլլայ իբրեւ մէկ դիմումնագրի մէջ ներկայացնելով Ուխտասարի ժայռապատկերները եւ Զօրաց քարերը: Դիմումնագիրը բաւական ծաւալուն է, եւ այն նախնական ցուցակին մէջ ներառելու համար դիմումնագիրը կ՛ուղարկենք 2014-ի ընթացքին», դիտել տուած է ան:

Նշենք, որ մշակոյթի նախարարութիւնը բնապահպանութեան նախարարութեան հետ  քայլերու պիտի ձեռնարկէ Նորավանքի վանական համալիրի եւ Ամաղուի կիրճը ցանկին մէջ ընդգրկելու համար: Միջնադարեան Հայաստանի ամէնէն նշանաւոր քաղաքը հանդիսացող Անին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ ընդգրկելու համար դիմում կը ներկայացնէ Թուրքիան, բայց յառաջիկային Անիի քաղաքային ճարտարապետական զարգացման կեդրոն եւ հայկական քաղաք ըլլալու հանգամանքէն մեկնած` հայկական կողմը պիտի նախաձեռնէ «Անի-Շիրակ» խորագիրով դիմումի, որ տակաւին յստակացման հանգրուանի մէջ է: «Այս դիմումնագիրներուն մէջ մենք կը խօսինք հնագիտական հետաքրքրութեան մասին, սակայն յառաջիկային մենք որոշած ենք նոր ուղղութիւն մը ներառել մեր դիմումնագիրներուն մէջ. այս արդիւնաբերական ճարտարապետութիւնն է: Խօսքը «Հարաւկովկասեան երկաթուղիին» մասին է, Երեւան-Պաթում երկաթագծի, որ ռուսական ցարի ժամանակներուն կառուցուած եւ առ այսօր գործող նախկին կայսրութեան միակ ճանապարհն է», բացատրած է Սամուէլեան:

Հայ Նկարիչները Իրենց Հեղինակային Գործերը
Նուիրած Են «Նոր Հալէպ» Թաղամասին

Min.-Hakobyan_HerguelianԴեկտեմբեր 6-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց  հայ նկարիչները եւ լիբանանահայ արուեստաբան Մովսէս Հերկելեանը: Անոնք իրենց նկարները նուիրաբերած են Աշտարակ քաղաքի մէջ սուրիահայերու համար կառուցուող «Նոր Հալէպ» թաղամասի աշխատանքներուն: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Յունիս 17-22 Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Մարսէյի «Թերր տ՛Արմենի» մշակութային կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքի մէջ իրականացուեցաւ «Ֆրանսական-հայկական գերազանցութեան շաբաթ» նախաձեռնութիւնը: Այդ ծիրին մէջ կայացաւ հայ նկարիչներու ցուցահանդէս-վաճառք, որմէ ստացուած ամբողջ հասոյթը արդէն փոխանցուած է բնակարանաշինութեան համար բացուած հաշուեհամարին: Մարսէյի մէջ ցուցահանդէս-վաճառքը կը գործէ մինչեւ Ամանոր, որմէ ետք կը տեղափոխուի Ֆրանսայի այլ հայաշատ քաղաքներ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով հայ նկարիչներուն` սուրիահայերու բնակարանաշինութեան հարցով իրենց գործօն մասնակցութեան համար, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշեց. «Ուրախ եմ այն միջազգային յաջողութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն համար, որ այսօր կ՛արձանագրեն հայ նկարիչները: Սուրիահայերուն օգնելու նախադէպը օրինակ պիտի դառնայ հետագային աշխարհով մէկ սփռուած նկարիչներու կապը հայրենիքի հետ առաւել սերտացնելու եւ համահայկական ցանց ստեղծելու համար»:

Սփիւռքի մէջ հայ գեղանկարչական արուեստը տարածելու եւ ճանաչելի դարձնելու, այդ ոլորտէն ներս ստեղծագործական յաջողութիւններ ունենալու, ստեղծագործական գործունէութեամբ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ սուրիահայերու բնակարանաշինութեան համար նկարներու նուիրատուութիւնը նախաձեռնելու գործին մէջ ունեցած ներդրման համար նախարար Հրանուշ Յակոբեան Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» մետալով պարգեւատրեց լիբանանահայ արուեստաբան Մովսէս Հերկելեանը:

Իրենց նկարները սուրիահայերու բնակարանաշինութեան համար նուիրաբերած հայ նկարիչները նոյնպէս պարգեւատրուեցան Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագրերով:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին մշտական ուշադրութեան համար` Մովսէս Հերկելեան նշեց. «Հայկական սփիւռքը խայտաբղէտ ու բազմազան երեւոյթ է, եւ նախարար Յակոբեանը կրնայ համախմբել զայն: Մենք արդէն ունինք սփիւռքի մէջ ապրող եւ ստեղծագործող այլ նկարիչներ եւս, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ այս ցուցահանդէս-վաճառքին»:

Նախարարը հայ նկարիչներուն առաջարկեց միացեալ ուժերով կազմակերպել նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած մեծ ցուցահանդէս մը:

2015-Ին Երեւանը Պիտի Հռչակուի
Եւրոպական Ուսանողական Մայրաքաղաք

Եւրոպական ուսանողական միութեան կառավարման խորհուրդը 3 դեկտեմբերին Զաղրեպի մէջ կայացած նիստին ընթացքին Երեւանը ընտրած է Եւրոպական ուսանողական միութեան 2015-ի գարնանային նստաշրջանը հիւրընկալող քաղաք: Նշենք, որ միութեան մաս կը կազմեն 39 երկիրներու 47 ազգային ուսանողական միութիւններ: Նստաշրջանի հիւրընկալման դիմում ներկայացուցած էին Հայաստանը եւ Իսրայէլը. վերջինին զօրակցած են միջերկրածովեան տարածաշրջանի երկիրներու ներկայացուցիչները,  իսկ Հայաստանին` կեդրոնական, արեւելեան, արեւմտեան եւ հիւսիսային Եւրոպայի երկիրները: Փակ քուէարկութեամբ Հայաստան ստացած է 41, իսկ Իսրայէլ 26 ձայն:

Հայաստան «Փլանշեթ»-Ներ (Armtab)
Եւ Հեռախօսներ Կը Սկսի Արտադրելու

06.12Հայկական արտադրութեան Armtab «փլանշեթ»-ներու վաճառքի մեծաքանակ գինը պիտի տատանի 225-280 տոլարի սահմաններուն միջեւ` պաստառի չափերուն համաձայն: Այդ մասին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է մշակող եւ արտադրութիւնը կազմակերպող Թեքնոլոճի էնտ սայընս տայնըմիքս Inc? / Արմթապ Թեքնոլոճիզ ընկերութեան նախագահ Վահան Շաքարեանը: Ան նշած է, որ շուկային մէջ պիտի ներկայացուի հայկական «փլանշեթ»-ի 5 ձեւ, որոնց պաստառին անկիւնագիծերը պիտի ըլլան 7.85, 9, 9.7 եւ 10.1:

Անոր համաձայն, արտադրութիւնները պիտի ունենան 16 կիկապայթ յիշողութիւն, 1-1.2 կիկապայթ ռամ: Արմթապ «փլանշեթ»-ները պիտի ունենան նորագոյն «Ռեթինա» պաստառներ:

Շաքարեանի համաձայն, ընկերութիւնը պիտի զբաղի միայն մեծաքանակ վաճառքով: Թիրախային երկիրները կը նկատուին Միացեալ Նահանգները, Քանատան, Սէուտական Արաբիան, Մեքսիքան, Պրազիլը, Արժանթինը, ինչպէս նաեւ` եւրոպական եւ մերձպալթեան երկիրները: Բանակցութիւններ կը կատարուին նաեւ Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի հետ:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կից արդիւնաբերական խորհուրդի 6 դեկտեմբերի նիստին ներկայացուած է հայկական արտադրութեան առաջին «փլանշեթ»-ը եւ առաջին հեռախօսը (Armphone):

Վարչապետը յայտնած է, որ Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառին մէջ գործող հայ-ամերիկեան Թեքնոլոճի էնտ սայընս տայնըմիքս Inc? / Արմթապ Թեքնոլոճիզ ընկերութիւնը նախաձեռնած է հայկական առաջին «փլանշեթ»-ներու արտադրութեան: Ընկերութեան նախագահ Վահան Շաքարեանի համաձայն, անոնց ծրագրային եւ սարքային ապահովման (software եւ hardware) աշխատանքները կը կատարուին Հայաստանի մէջ, իսկ հաւաքումը` Միացեալ Նահանգներու եւ Հոնկ Քոնկի: Կը նախատեսուի, որ «փլանշեթ»-ներու արտադրութիւնը եւ վաճառքը պիտի սկսի 2014-ին:

Յունուար-փետրուար ամիսներուն արտադրութեան մէջ պիտի ներգրաւուին 25-50 բարձրակարգ հայաստանեան մասնագէտ:

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին Փառահեղ Յուղարկաւորութիւնն Ու Թաղումը – Ա.-

Յաջորդը

«24 Ապրիլ 1915» Հատորը Լոյս Կը Տեսնէ Թուրքիոյ Մէջ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

November 18, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

November 4, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.