Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եանուքովիչի Հրաժարականը Անկարելի Է» Ըսաւ Ազարով

December 9, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նիքոլայ Ազարով
Նիքոլայ Ազարով

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ վարչապետ Նիքոլայ Ազարով օտար յառաջատար լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, որ ցուցարարները պիտի չհասնին Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի հրաժարականին, որովհետեւ ատիկա կը հակասէ սահմանադրութեան:

«Ինչի՞ դէմ կը բողոքէք: Դուք կը պահանջէք իրաւապահ մարմիններուն գործողութիւննե՞րը հետաքննել: Մենք ըսինք` համաձայն ենք: Եկէք միասին լուծենք: Դուք կ՛ուզէք նախագահի հրաժարակա՞նը: Ատիկա պիտի չըլլայ: Ատիկա կը հակասէ մեր սահմանադրութեան», ըսած է վարչապետը:

«Բերէք գոնէ մէկ օրինակ Եւրոպայի մէջ, որ ցուցարարներու ճնշումին տակ կառավարութիւնը ոչ սահմանադրական միջոցով հրաժարական տայ: Ամէն ինչ պէտք է կատարուի սահմանադրական միջոցով», աւելցուցած է ան:

Ուքրանիա Որոշած Է
Մաքսային Միութեան Անդամակցիլ

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ բրիտանական «Տը Էքոնոմիսթ» պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր Էտուըրտ Լուքըս հիմնուելով «շատ վստահելի աղբիւր»-ի մը վրայ «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները Ռուսիոյ հետ Ուքրանիոյ` Մաքսային միութեան անդամակցութեան վերաբերող համաձայնագիր մը ստորագրած են:

Նախապէս ի յայտ եկած էր, որ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահները Սոչիի մէջ հանդիպում մը ունեցած են: Հիմնուելով այդ տեղեկութեան վրայ` Լուքըս նաեւ աւելցուցած է, որ Սոչիի մէջ կնքուած համաձայնագիրը կ՛ենթադրէ, որ Ռուսիան Ուքրանիոյ պիտի յատկացնէ առնուազն 5 միլիառ տոլար, եւ ռուսական կազին գինը այդ երկիրի համար պիտի սահմանուի 1000 խորանարդ մեթրի համար 200 տոլար, ինչ որ զգալիօրէն աւելի աժան է 2009-ի գիներէն:

Լուքըսի կարծիքով` Քիեւ Մաքսային միութեան պիտի անդամակցի մինչեւ 2015` նախքան նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտը: Սակայն այս տեղեկութիւնը տակաւին պաշտօնական մակարդակով չէ հաստատուած:

Նախապէս Ուքրանիոյ վարչապետը յայտարարած էր, որ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահները Սոչիի մէջ քննարկած են ռազմավարական համագործակցութեան վերաբերեալ խոշոր համաձայնագիրի նախապատրաստման աշխատանքները:

Նախորդը

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. Կապալայի Ռատարի Կայանը Ազրպէյճանին Յանձնելու Ընթացիկ Հարցերը Արդէն Լուծուած Են

Յաջորդը

«Սուրիա Կրնայ Մասնատուիլ, Եթէ 2014-ին Համաձայնութիւն Մը Չգոյանայ» Զգուշացուց Հէյկ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.