
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները, ըլլան անոնք քաղաքական թէ կառավարական:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ քարիւղի եւ բնական կազի հանքերը պեղելու եւ քարիւղ արտահանելու ծրագիրի նախագիծերը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին երեսփոխան Պութրոս Հարպ եւ նախկին երեսփոխան Մահմուտ Օուատ: Քննարկուեցան լիբանանեան ներքին քաղաքական հարցերը:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ցաւակցագիր մը յղեց Հարաւային Ափրիկէի նախագահ Ճէյքըպ Զումայի` նախկին նախագահ Նելսըն Մանտելայի մահուան առիթով:


