Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց բժշկական սարքերու գործարաններու սեփականատէրերու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Նազիհ Թապեթ եւ Մոհամետ Մուրսի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան բժշկական սարքերը Յաւելուած արժէքի տուրքերէ զերծ կացուցելու քայլերը:
Հանդիպումին ընթացքին Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատի այս պահանջին նկատմամբ ըմբռնում ցուցաբերած է` մեկնելով այն դիտանկիւնէն, որ անհրաժեշտ է լիբանանցի գործատէրին եւ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատիրոջ առիթ ընծայել, որպէսզի ան արդիւնաբերելով մրցակցի ներածուող իրերուն հետ եւ նուազեցնէ անոնց համեմատութիւնը:
Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ ինք այս առումով պիտի խորհրդակցի Սաֆատիի հետ եւ լիբանանեան ճարտարարուեստը զարգացնելու առումով պիտի ջանայ գործադրել տուրքերու հաւասարութեան ու արդարութեան վերաբերող օրէնքները:
Պատուիրակութիւնը դրուատեց Վ. Սապունճեանի եւ Սաֆատիի ճիգերը:


