Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. 3 Դարաշրջանի Մէջ Գործած Ու Գործող Կուսակցութիւնը

December 5, 2013
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

CCF11282013Ժամանակակից պայմանները` համաշխարհայնացման ճշդած օրինաչափութիւններն ու եղանակները կամ ընդհանրապէս տեղեկագիտութեան ներկայ դարը գաղափարական շարժումներու ծաւալման ու զարգացման համար բարենպաստ չեն: Այս մէկը դասական, ընդհանրացած եւ գրեթէ լափալիսեան ճշմարտութեան հանգամանք ստացած հաստատում է, որ յաճախ կը կրկնուի ամէն անգամ, երբ փորձենք վերլուծել միջազգային թէ ազգային մակարդակներու վրայ գաղափարական շարժումներու ապրած տեղատուութիւնը:

Որեւէ երեւոյթի երկարատեւութիւնը, երկարակենցաղութիւնը մանաւանդ այսօրուան գերարագութեամբ յատկանշուած արժէքային համակարգին, մեղմ ըսելաձեւով, համահունչ չէ: Նորարարութիւնը յաճախ կը շփոթուի նորաձեւութեան հետ, մակերեսայնութիւնը  անսկզբունք յարափոփոխութեամբ, արհեստագիտութեան յեղափոխութիւնը` հեշտաբանութեան:

Ժամանակը ինքնին, ունի իր անշրջանցելի օրէնքները տարբեր մակարդակներու եւ ոլորտներու վերաբերող գործընթացներուն վրայ հիմնովին ազդելու առումով: Ժամանակին դէմ պայքարիլը ժամանակավրէպ չդառնալու փիլիսոփայութեան տիրապետումն է ամէն բանէ առաջ: Այդ պայքարը կը բազմապատկուի, եթէ իբրեւ տեսութիւն մտաբերենք, որ գերարագութեան դարաշրջանի մէջ կ՛ապրինք, որ կը գլէ կ՛անցնի նախորդ ժամանակահատուածներու ճշդած արժէքները` ստեղծելով նորը, ոչ անպայման բոլոր առումներով մեզի համար օգտակարը:

123-ամեակը ինքնին ամուր տառերով կ՛ամրագրէ, որ Դաշնակցութիւնը, հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն, հալածանքներուն, կասեցումներուն, բռնագրաւումներուն եւ ապագաղափարական հսկայական հոսանքներու ուղղակի թէ անուղղակի հարուածներուն, իր աշխարհածաւալ գործունէութիւնը կը շարունակէ:

Դաշնակցութեան գործունէութեան երրորդ դարաշրջանի առաջին տասնհինգամեակը կը յատկանշուի Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման, Արցախի անկախութեան իրողականացման եւ դէպի իրաւականացում տանող ճամբաներու հարթումով: Զուգահեռ` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ պայքարով եւ մանաւանդ պահանջատիրութեան  իրաւական թղթածրարի նախապատրաստական աշխատանքներով: Այս առաջադրանքները համահայկական տարողունակութիւն ունեցող խնդիրներ են, որոնց հետ կ՛առնչուին անշուշտ, երիտասարդական, կրթական, մշակութային, ինչպէս նաեւ կազմակերպական ու քարոզչաքաղաքական այն բոլոր աշխատանքները, որոնք կը ծաւալէ Դաշնակցութիւնը հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի:

Ժամանակներու փոփոխութեան հետ հայկական դաշտին մէջ դիմափոխուած է նաեւ կուսակցութիւն հասկացողութիւնը: Ա. Հանրապետութեան ստեղծման պայմաններուն մէջ պէտք է դիտարկել օրուան կուսակցութիւններու երեւոյթն ու այդ բոլորով հանդերձ երկուքուկէս տարուան ընթացքին կազմակերպուած տարբեր ընտրութիւններուն  մասնակցութիւնը: Այդ ժամանակները գաղափարական ընդգծուածութեամբ յատկանշուող ժամանակներն էին: Դիմափոխութիւնը կը վերաբերի այսօրուան: Երկար ատեն աւանդական կուսակցութիւններու գործունէութիւնը իրար հակոտնեայ քաղաքական կեցուածքներով, գործելաձեւերով հանդերձ հասարակաց հարթութիւններու գոյութիւնը կը նշէին ընդհանուր առումով: Վերջին քսանամեակին  կտրուածքով նորաստեղծ  կուսակցութիւններու համապատկերը գաղափարականութեան, նոյնիսկ կառոյցի եւ գործելաձեւի իմաստներով դժուար աղերսներ կը գտնէ աւանդականին հետ:

Աւանդական բառը պայմանական բացատրութիւն է եւ որեւէ ձեւով պէտք չէ ընկալել հինի իմաստով: Ճիշդ այստեղ է, որ ժամանակը շրջուած դեր կը կատարէ: Հայկական նորաստեղծ շատ կուսակցութիւններ անցան պատմութեան գիրկը, մինչ «Հին»-ը  շարունակեց կերտել պատմութիւնը:

Գուցէ գիտաժողովներ եւ մասնագիտական ուսումնասիրութիւններ պէտք են փորձել գաղտնազերծելու Դաշնակցութեան ամբարած հմայքին պատճառները եւ գիտակցելու, որ ինչպէ՞ս կը յաջողի ժողովուրդի իրականութեան մէջ առաջնային դերակատարութիւն պահել երեք դարաշրջանէ ի վեր գործող կուսակցութիւն մը: Այս փաստացի հազուագիւտ իրականութիւնը թերեւս միայն հայկական իրականութեան չի վերաբերիր: Այլ ընդհանրապէս քաղաքական կուսակցութիւններուն:

Դաշնակցութիւնը 123 տարեկան է:

Նախորդը

Ազգային Ժողովը Մերժեց Պարտադիր Կուտակային Համակարգի Կիրարկումը Յետաձգելու Առաջարկը

Յաջորդը

«Ժընեւի Համաձայնութիւնը Պիտի Գոյատեւէ, Որովհետեւ Ատիկա Ի Շահ Իրանի Է» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.