ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Երիտասարդական խորհուրդին հրաւէրով Տիգրանակերտի մէջ կը գտնուի ՀՅԴ Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը:
Պատուիրակութեան անդամներն են Ռուբէն Ճանպազեան եւ Սարգիս Տեկիրմենճեան` Հայաստանէն:
30 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Երիտասարդական խորհուրդի անդրանիկ խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին խօսք առին ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները:
1 դեկտեմբերին ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները հրաւիրեալ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ միասին մասնակցեցան Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Երիտասարդական խորհուրդի կազմակերպած կլոր սեղանին, ուր քննարկուեցան ընկերվարութեան եւ երիտասարդութեան հետ կապուած հարցեր:
Տեղի ունեցան նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ:
Անցնող ամիսներուն երկու հանդիպումներ տեղի ունեցան ՀՅԴ-ի եւ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւններու բարձրաստիճան պատուիրակութիւններուն միջեւ: Առաջինը` 29 հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ, իսկ երկրորդը` 12 նոյեմբերին Պոլսոյ մէջ:
Ասիկա առաջին հանդիպումն էր Երիտասարդականի մակարդակի վրայ:
Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած միակ կուսակցութիւնն է, որ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Անիկա հիմնադրուած է 2008 թուականին եւ դէտի կարգավիճակով կ՛անդամակցի Ընկերվար-միջազգայնականին:


