Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Կառավարութիւնը Տապալելու Ընդդիմութեան Փորձը Ձախողեցաւ

December 4, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ukraine3122013Ուքրանիոյ ընդդիմութիւնը չյաջողեցաւ խորհրդարանին մէջ Նիքոլայ Ազարովի գլխաւորած կառավարութեան դէմ անվստահութիւն յայտնելով զայն տապալել: Ընդդիմութեան ներկայացուցած որոշումը միայն 186 քուէ ապահովեց, երբ նուազագոյնը 226 քուէ պէտք էր ապահովէր:

Մինչ այդ, վարչապետ Ազարով խորհրդարանին առջեւ կառավարութեան եւ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի անունով ներում հայցեց գործողութիւններուն համար «Պերքութի» մասնայատուկ ուժերուն, որոնք Եւրոպական հրապարակէն ցուցարարները ցրուելու ընթացքին ուժ կիրարկեցին:

«Ես կ՛ուզեմ ներում հայցել հրապարակին վրայ մեր իրաւապահ մարմիններուն գործողութիւններուն համար: Կառավարութիւնը եւ նախագահը խորապէս կը ցաւին կատարուածին համար», ըսաւ Ազարով Ռատային առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ:

Ընդդիմադիր Պաթքիվշչինա խմբակցութեան ղեկավար Արսէնի Եացենիուք իր կարգին յայտարարեց, որ ընդդիմութիւնը պիտի պահանջէ Ազարովը հեռացնել պաշտօնէն:

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ մերժած է իր աշխատակազմի ղեկավար Սերկէյ Լեւոչքինի հրաժարականի դիմումը: Վերջինս հրաժարականի դիմում ներկայացուցած էր 30 նոյեմբերին Եւրոպական հրապարակին վրայ տեղի ունեցած դէպքերէն ետք:

«Ես իսկապէս շաբաթ օր դիմած եմ հրաժարականի խնդրանքով, սակայն ատիկա մերժուած է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ անոր հիմնական խնդիրը իրավիճակի խաղաղ կարգաւորումն է:

Ըստ Լեւոչքինի, իր հրաժարականի հարցը ամենայն հաւանականութեամբ նախագահին կողմէ պիտի քննարկուի երկրին մէջ իրավիճակի կայունացումէն ետք:

Եանուքովիչ Խոստացած Է Յառաջիկայ Օրերուն
Ռուսիոյ Հետ Ռազմավարական
Գործընկերութեան Շուրջ Բանակցութիւններուն Սկսիլ

«Քորրեսփոնտընթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ նախագահ Եանուքովիչ ուքրանական պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ հետ ռազմավարական գործընկերութեան մասին համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններուն պէտք է սկսիլ արդէն այս շաբաթ:

«Համաձայնութիւն կայ Ռուսիոյ կառավարութեան հետ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստելու արդէն այս շաբաթ եւ սկսելու այդ հոլովոյթին: Մեզի բոլոր նիւթերը յայտնի են, մենք շատ լաւ կը ճանչնանք զիրար, մեր բոլոր աշխատանքային խմբակները բոլոր ուղղութիւններով շատոնց կը համագործակցին, եւ մեզի շատ ժամանակ պէտք չէ զիրար հասկնալու համար», ըսած է ան:

Ըստ Եանուքովիչի, Ռուսիոյ հետ ռազմավարական գործընկերութեան մասին համաձայնագիրը ստորագրուած է 1997-ին, եւ եկած է ատոր երկարաձգման ժամանակը:

«Ինչո՞ւ վերջերս Ռուսիան մեզ մեղադրած է: Ան մեզ մեղադրած է այն հարցով, որ մենք հաշուի չենք առներ անոնց շահերը Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններուն մէջ», նշած է նախագահը: Ըստ անոր, Ռուսիան նաեւ վրդովուած է անկէ, որ Ուքրանիան Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններուն ընթացքին չէ խորհրդակցած անոր հետ այն ապրանքային խումբերու հարցին մէջ, որոնք Ռուսիոյ համար խոցելի են:

«Արդարացի՞ է այդ դիրքորոշումը: Ի հարկէ, արդարացի է: Մենք չենք ուզեր կորսնցնել Ռուսիոյ հետ ապրանքաշրջանառութիւնը, եւ Ռուսիան ատիկա չ՛ուզեր: Այդ հոլովոյթը երկարատեւ է: Մենք կ՛ուզենք Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւններու հասնիլ եւ ստորագրել Ռազմավարական գործընկերութեան մասին համաձայնագիրը, որովհետեւ եթէ մենք ատիկա չստորագրենք, միշտ պիտի մնանք այս անորոշ յարաբերութիւններու վիճակին մէջ», նշած է Եանուքովիչ:

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին
Գործոց Նախարարի Օգնականը
Պիտի Այցելէ Յետխորհրդային Երկիրներ

«ՌԻԱ-Նովոսթի» կը յայտնէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդած է այդ երկրին արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Վիքթորիա Նուլընտի յետխորհրդային երկիրներ, ներառեալ` Մոլտաւիա, Ուքրանիա եւ Վրաստան կատարելիք այցելութեան մանրամասնութիւնները:

Պրիւքսէլի մէջ 3-4 դեկտեմբերի ՕԹԱՆ-ի նախարարական հանդիպումէն ետք Նուլընտ պիտի մեկնի Քիշնեւ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ մոլտաւական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ եւ քննարկէ Մոլտաւիոյ «եւրոպական համարկման ուղին»: Ան Քիշնեւ պիտի գտնուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ:

5 դեկտեմբերին Նուլընտ եւ արտաքին գործոց նախարարի Հարաւային ու Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով օգնական Նիշա Պիսվալ պիտի մասնակցին ԵԱՀԿ-ի նախարարական հանդիպումին եւ պիտի հանդիպին քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ:

Նուլընտ Ուքրանիոյ մէջ նաեւ երկկողմ հանդիպումներ պիտի ունենայ ուքրանական պաշտօնական անձնաւորութեանց, խորհրդարանի ղեկավարներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ:

6 դեկտեմբերին Նուլընտ պիտի այցելէ Վրաստան, ուր պիտի հանդիպի իշխանութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու հետ: Պիտի քննարկուին շրջանային հարցեր եւ Վրաստանի ու Եւրոպայի մօտեցումը: Որմէ ետք Նուլընտ պիտի մեկնի Մոսկուա, ուր պիտի գտնուի 8-10 դեկտեմբերին:

Հրապարակուեցաւ Վրաստանի Եւ
Եւրոպական Միութեան Միջեւ Ընկերակցութեան
Համաձայնագիրի Նախաստորագրուած Բնագիրը

«Ափսնի» կայքէջը կը գրէ, որ Եւրոպական Միութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ հրապարակուած է Վրաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի նախաստորագրուած բնագիրը, որուն նախաբանին մէջ կը նշուի ժողովրդավարական սկզբունքներու, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու ամրապնդման հոլովոյթին մէջ Վրաստանին օգնելու Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութեան մասին: Բացի ատկէ, Եւրոպական Միութիւնը կը խոստանայ քաղաքական եւ տնտեսական շահ ապահովել Վրաստանի քաղաքացիներուն:

Եւրոպական Միութիւնը ցանկութիւն յայտնած է նաեւ օգնելու Վրաստանին քաղաքական, տնտեսական եւ հաստատութենական զարգացման տեսանկիւնէն:

Հազար էջերէ բաղկացած փաստաթուղթին մէջ կ՛ընդգծուի Վրաստանի` եւրատլանտեան կառոյցներուն համարկուելու «պատմական» ձգտումը:

 

Նախորդը

«Ժընեւ-2»-ին Պիտի Երթանք Առանց Նախապայմաններու, Իսկ Երկխօսութիւնը Պիտի Ըլլայ Սուրիացիներուն Միջեւ» Ըսաւ Հալքի

Յաջորդը

Քայիտա Թուրքիոյ Մէջ Ահաբեկչական Գործողութիւններ Ծրագրած Է

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.