Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիլնիուսի Մէջ. Նախագահ Սարգսեան Եւրոպական Երկիրներէն Կ՛ակնկալէ Լիարժէք Ներգրաւում` Թուրքիոյ Կողմէ Հայաստանի Շրջափակման Վերացման Հարցին Մէջ

November 30, 2013
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4801_bԵրէկ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Ան ի միջի այլոց իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի հնգամեայ պատմութիւնը կը վկայէ այս ձեւաչափի անհրաժեշտութեան եւ կենսունակութեան մասին: «Անիկա արդիւնաւէտ կերպով կը համալրէ համաեւրոպական համագործակցութեան ճարտարապետութիւնը` կարելիութիւն ընձեռելով եւրոպական ընդհանուր արժէքներու հիման վրայ որակապէս նոր, յաւելեալ սերտ եւ ընդլայնուած յարաբերութիւններ կառուցելու համար: Այդպիսի յարաբերութիւններու ձեւաւորումը Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի հոգեւոր-մշակութային եւ պատմաքաղաքական ժառանգութեան կանչն է, մեր հասարակութեան` գիտակցուած պահանջարկը», յայտնեց նախագահ Սարգսեան:

Նախագահ Սարգսեան ըսաւ, որ «Արեւելեան գործընկերութիւնը կարելիութիւն տուաւ նոր թափ հաղորդելու ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքներուն հիման վրայ մեր պետութեան եւ հասարակութեան արդիականացման ուղղուած ջանքերուն: Անիկա խթանեց մեր լայնածաւալ բարեփոխումներու օրակարգը: Իբրեւ չափելի արդիւնք պիտի նշեմ ընդամէնը վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երեք մեծ ընտրական հոլովոյթները, որոնք նոր նշաձող սահմանեցին այս մարզին մէջ` էապէս ամրապնդելով Հայաստանի ընտրական համակարգը»:

«Մեր գլխաւոր նպատակն է Եւրոպական Միութեան հետ ձեւաւորել այնպիսի գործուն կառուցակարգեր, որոնք մէկ կողմէ կ՛արտացոլեն մեր ընկերային-քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու խորքային բնոյթը, միւս կողմէ` համատեղելի են համագործակցութեան այլ ձեւաչափերու հետ: Արեւելեան գործընկերութիւնը պէտք է բնական կամուրջ դառնայ` տարածելով տնտեսական համարկումը Ատլանտեանէն մինչեւ Խաղաղ ովկիանոս: Այս իմաստով մենք յանձնառու ենք հետեւողական ջանքեր գործադրելու աւելի ընդգրկուն, բաժանարար գիծերէ զերծ Եւրոպա կառուցելու ուղղութեամբ», նշեց նախագահ Սարգսեան:

Ան աւելցուց, որ «նոյնինքն այս գիտակցութեամբ մենք կ՛առաջնորդուինք մեր արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ եւ մեր դրացիներուն հետ խնդիրները կը փորձենք լուծել նոյնինքն այդ սկզբունքով` փորձելով Եւրոպայի մէջ յաջողած հաշտեցման փորձը տեղայնացնել նաեւ մեր շրջանին մէջ: Կը կարծեմ, որ եւրոպական արժէքներու հետեւողական որդեգրումը կրնայ օգնել Թուրքիոյ սեփական անցեալին հետ հաշտուելու հարցին մէջ: Այսօր հազարաւոր թուրքեր կը դատապարտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը կանգնին մեր կողքին` յարգելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Կը կարծեմ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին Թուրքիոյ իշխանութիւնները պէտք է կարենան կամք ցուցաբերել եւ հրաժարիլ ժխտողական քաղաքականութենէն: Եւրոպական Միութեան հետ համարկումը իբրեւ եւրոպական երկիր շարունակելու հարցին մէջ Թուրքիոյ առջեւ տակաւին կը շարունակեն ծառացած մնալ Եւրոպայի վերջին փակ սահմանը բանալու եւ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մարտահրաւէրները: Եւրոպական Միութեան անդամ-պետութիւններէն` իբրեւ մեր գործընկերներէն, մենք կ՛ակնկալենք Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի ապօրինի շրջափակման վերացման հարցին մէջ լիարժէք ներգրաւում եւ հետեւողականութիւն»:

Յայտնենք, որ վեհաժողովին ծիրին մէջ հրապարակուեցաւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն միացեալ յայտարարութիւն, զոր կու տանք առանձին:

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ Միացեալ Յայտարարութիւն (Վիլնիուս, 29 Նոյեմբեր 2013)

Յաջորդը

Ակնարկ. Արեւելեան Գործընկերութեան Ծրագիրի Ձախողութեան Թրքական Պատճառները

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.