Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Կութիերեսը

November 30, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման` Կութիերեսի հետ հանդիպման ընթացքին
Նախագահ Սլէյման` Կութիերեսի հետ հանդիպման ընթացքին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան վերաբերող խորհրդակցութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ՄԱԿ-ի գաղթականութեան հարցերու բարձրագոյն յանձնակատար Անթոնիօ Կութիերեսը, որուն ընկերակցեցաւ ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակութիւն մը:

Նախագահ Սլէյման յոյս յայտնեց, որ Նիւ Եորքի մէջ 25 սեպտեմբերին տեղի ունեցած Լիբանանի օժանդակող երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու յատուկ խորհրդաժողովին որոշումները հետապնդուին եւ Լիբանանի կատարուելիք նիւթական օժանդակութիւնները ամբողջանան, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հոգատարութիւնը:

Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի կողմէ Լիբանանի ցուցաբերուած զօրակցութեան եւ պաղեստինցի գաղթականներուն հարցով որդեգրուած նոր մօտեցումին համար:

Իր կարգին, Կութիերես նախագահ Սլէյմանը տեղեակ պահեց Լիբանանին օժանդակութիւն տրամադրելու կարողութիւն ունեցող երկիրներուն հետ իր ունեցած հաղորդակցութիւններուն արդիւնքներուն մասին:

Կութիերես աւելցուց, որ ՄԱԿ յանձնառու է Լիբանանի օժանդակութեան եւ անոր զօրակցութեան, որպէսզի ան կարենայ քաղաքական, ապահովական, տնտեսական եւ մարդկային առումով շրջանցել այս զգայուն հանգրուանը:

Կութիերես բարձր գնահատեց նախագահ Սլէյմանի ջանքերը` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ ազգային միասնականութիւնը պահպանելու իմաստով:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Նահհաս եւ նախկին նախարարներ Իպրահիմ Շամսէտտին եւ Նաժի Պուսթանի:

 

Նախորդը

Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց Ֆրանսացի Դեսպանն Ու Իրանեան Պատուիրակութիւն Մը

Յաջորդը

Թուրքիա Կ՛ականազերծէ Հայաստանի Հետ Սահմանը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.