Վիլնիուսի մէջ տեղի ունեցող «Արեւելեան գործընկերութեան» վեհաժողովին ծիրին մէջ Վրաստան եւ Մոլտաւիա երէկ նախաստորագրեցին Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը:
Վրացական կողմէն փաստաթուղթը նախաստորագրեց արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէ, իսկ Եւրոպական Միութեան կողմէն միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Քեթրին Էշթըն: Համաձայնագիրի ստորագրումը կը նախատեսուի մինչեւ 2014-ի սեպտեմբերը:
Մոլտաւիոյ կողմէ փաստաթուղթը նախաստորագրեց երկրի վարչապետ Եուրի Լիանքէ:
Ինչ կը վերաբերի վեհաժողովի գլխաւոր հարցին` Ուքրանիոյ, ապա այդ երկիրը որեւէ փաստաթուղթ չստորագրեց:
«Կռուզիա օնլայն» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի արտաքին գործոց առաջին փոխնախարար Դաւիթ Զալքալիանի յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը ստորագրուած փաստաթուղթի բնագիրը պիտի հրապարակէ ենթադրաբար երկուշաբթի օր: Ատիկա նախ եւ առաջ պիտի հրապարակուի անգլերէնով եւ տեղադրուի Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ:
Ըստ Եւրոպական Միութեան օրէնքներուն, փաստաթուղթը մինչեւ ուժի մէջ մտնելը գաղտնի կը պահուի, սակայն այս պարագային Վրաստանն ու Եւրոպական Միութիւնը համաձայնած են բացառութիւն ընել:
Վրաստանի վերահամարկման հարցերով նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ նախաստորագրուած փաստաթուղթը վրացական պետութենէն բացի, մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ տագնապներու խաղաղ լուծման համար:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ տագնապներու խաղաղ լուծումը պիտի ըլլայ Վրաստանի եւ Եւրոպական Միութեան համագործակցութեան նոր փուլի կարեւորագոյն հարցերէն մէկը: Բացի ատկէ, կը նշուի նաեւ, որ Վրաստանի կառավարութիւնը պատրաստ է աբխազներուն եւ օսերուն հետ կիսել բոլոր այն բարիքները, որոնք պիտի բերէ Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը:
Քիեւ Մնաց Անդրդուելի
Լիթուանիոյ նախագահ Տալիա Կրիպաուսքայթէ յայտարարեց, որ «Արեւելեան գործընկերութեան» վեհաժողովի առաջին օրը Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները չյաջողեցան համոզել Ուքրանիոյ ղեկավարութիւնը` ստորագրելու Քիեւի կողմէ սառեցուած Ընկերակցութեան համաձայնագիրը:
Կրիպաուսքայթէ նաեւ ըսաւ, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ Եւրոպական Միութեան առաջարկած է «Ռուսիոյ հետ համատեղ» զբաղիլ երկրի տնտեսական հարցերուն լուծումով: Ան ըսած է, որ եւրոպացի ղեկավարները «փորձած են համոզել Եանուքովիչը` ստորագրելու համաձայնագիրը»: «Ցաւօք, անոր վրայ չազդեցին յօգուտ ստորագրման ներկայացուած փաստարկները», ըսաւ Լիթուանիոյ նախագահը:
Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ Ուքրանիոյ ընկերակցութեան հարցը կրնայ լուծուիլ, եթէ այդ երկրին մէջ փոխուին նախագահն ու խորհրդարանի կազմը:
Շուլց յայտնեց, որ իրենք պիտի շարունակեն այս նիւթին շուրջ խօսիլ եւ իր կարծիքով` Եւրոպան պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ այս հարցի ելեւմտական կողմը: Ան ընդգծեց, որ ամէն պարագայի Ուքրանիոյ համար Եւրոպական Միութեան դռները բաց են: Եւրոպական Միութեան ընդլայնման քաղաքականութեան ու դրացնութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ հաստատած է, որ Քիեւին կատարուած առաջարկը տակաւին սեղանի վրայ է եւ պիտի ստորագրուի, եթէ Ուքրանիա ուզէ:
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմփոյ «Արեւելեան գործընկերութեան» վեհաժողովին աւարտին յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ափսոսայ Ուքրանիոյ հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը չկնքելուն համար, փաստաթուղթ մը, որ «համագործակցութեան ամէնէն լայն առաջարկն էր Եւրոպական Միութեան անդամ չեղող պետութիւններու համար»: Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարուզօ յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Ընկերակցութեան եւ ազատ առեւտուրի գօտիի համաձայնագիրը թոյլ պիտի տայ այդ երկրին երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ բարձրացնելու իր համախառն ներքին արտադրութիւնը 6 առ հարիւրով:
«Օպոզրեւաթել» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել ըսած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի խօսի Ռուսիոյ հետ, որպէսզի Ուքրանիոյ առջեւ «կամ-կամ» ընտրութիւն չդրուի` յօգուտ Եւրոպայի կամ Ռուսիոյ: «Մենք` իբրեւ Եւրոպական Միութիւն, պարտաւոր ենք խօսիլ Ռուսիոյ հետ` Ուքրանիոյ նկատմամբ «մենք կամ անոնք» մօտեցումէն խուսափելու համար: Ատիկա շատ ժամանակ պիտի խլէ, եւ ասիկա ինքնին այն դերն է, որ Գերմանիա կրնայ կատարել», ըսած է վարչապետը:
«Ուքրանիոյ առջեւ դռները բաց կը մնան: Եւրոպան հետագային ալ կազ պիտի մատակարարէ Ուքրանիոյ: Ուքրանիայէն կախեալ է, թէ ան ե՛րբ պատրաստ պիտի ըլլայ յառաջընթաց քայլեր կատարելու: Մենք ունինք պայմաններ, որոնք կը ներկայացուին Միութեան անդամներուն: Մենք չենք կրնար արտօնել իրավիճակ մը, ուր Ուքրանիոյ ոչ մէկ պահանջ ներկայացուի», նշած է Մերքել:
Ան նաեւ ըսած է, որ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրումը կրնայ բաւական երկար ժամանակ խլել: «Ժամանակային սահմաններ չկան: Այս պատմական հոլովոյթը կրնայ երկար տեւել», ըսած է Մերքել:
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ յայտարարած է, որ իր երկիրը մտադիր է «մօտիկ ապագային» ստորագրել այդ համաձայնագիրը: Ան Լիթուանիոյ նախագահը, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզոն եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմփոյը ողջունելէ ետք, պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ չի ստորագրեր Ընկերակցութեան համաձայնագիրը, ըսած է, որ «ամէն բան բնական պիտի ըլլայ»:
Եանուքովիչ նշած է այն նախապայմանները, որոնց պարագային Քիեւ պատրաստ պիտի ըլլայ Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրման: Անոնցմէ կարեւորը Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ եւ Մաքսային Միութեան այլ անդամներուն միջեւ հակասութիւններու վերացումն է, որոնց ձեռնտու չէ Ուքրանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիին ստեղծումը: «Շնորհակալ պիտի ըլլայի ձեզմէ Ուքրանիա-Եւրոպական Միութիւն-Ռուսիա ձեւաչափով համագործակցութեան համար», յայտարարած է Եանուքովիչ:
Ատոր զուգահեռ` ան յոյս յայտնած է, որ Եւրոպական Միութեան առեւտրական սահմանափակումները վերատեսութեան ենթարկուին: Եանուքովիչ նաեւ Եւրոպական Միութենէն խնդրած է Ուքրանիոյ ելեւմտատնտեսական օգնութիւն տրամադրելու ծրագիր մշակել:


