
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յոյս յայտնեց, որ Իրանի եւ Արեւմուտքին միջեւ հիւլէական թղթածրարին մասին գոյացած համաձայնութիւնը ըլլայ սկիզբ մը` երկխօսութեան եւ քաղաքական լուծումները առաջնահերթ նկատելու եւ դիմադրելու պառակտումի ու բաժանումի վտանգներուն մասին:
Նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ այդ համաձայնութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը ունենայ նաեւ շրջանային կացութեան վրայ` շեշտելով այս զգայուն հանգրուանին ընթացքին ազգային միասնականութեան, կայունութեան եւ չափաւորականութեան պահպանումին վրայ:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցերը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց Իրանի եւ Արեւմուտքին միջեւ գոյացած համաձայնութեան մանրամասնութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար եւ նախկին երեսփոխան Ժըպրան Թոք:


