
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ «Փարիզ տեղեակ էր Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հիւլէական թղթածրարին շուրջ գաղտնի բանակցութիւններէն` անոնց սկիզբէն ի վեր»` աւելցնելով, որ իր ամերիկացի գործընկեր Ճոն Քերրի այդ բանակցութիւնները սկսած պահուն զինք տեղեակ պահած է:
Ֆապիւս նշեց, որ «մանրամասնութիւններէն տեղեակ չպահուեցանք, սակայն Ճոն Քերրիի հետ համաձայնեցանք, որ մէկ կողմէ «5+1»-ի բանակցութիւնները կան` ղեկավարութեամբ Քեթրին Էշթընի, որ հոյակապ աշխատանք կատարեց, եւ որովհետեւ ամերիկացիները այս տագնապի առաջին գիծին վրայ է, նաեւ գոյութիւն ունին ամերիկացիներուն եւ իրանցիներուն միջեւ բանակցութիւններ, որոնք գաղտնի էին»: Ան ընդգծեց, որ Փարիզի եւ Թեհրանի միջեւ գաղտնի բանակցութիւններ տեղի չունեցան:
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա պատասխանած է Իսրայէլի քննադատութիւններուն` Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ վերջերս Ժընեւի մէջ համաձայնութիւն գոյացնելէ ետք: Ան նշած է, որ «մենք չենք կրնար փակել դռները դիւանագիտութեան դիմաց եւ չենք կրնար բացառել միջազգային խնդիրներու խաղաղ լուծումը: Քաղաքականութեան տեսանկիւնէն աւելի դիւրին պիտի ըլլայ կտրուկ բանակցութիւններ վարել, սակայն ատիկա ճիշդ չէ Միացեալ Նահանգներու անվտանգութեան համար»:
Օպամա Վեցեակի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները անուանած է «սկզբունքային եւ առարկայական»:


