Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրանի Մէջ. Պըրրի Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Այաթոլլա Խամենէիի, Նախագահ Ռուհանիի Եւ Ալի Լարիժանիի Հետ

November 26, 2013
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պըրրի եւ Ռուհանի
Պըրրի եւ Ռուհանի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շարունակեց Իրան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, որուն ընթացքին հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ, այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի հետ:

Քննարկուեցան շրջանային եւ միջազգային զարգացումները:

Յետմիջօրէին խորհրդարանի նախագահը ընդունուեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հիւլէական թղթածրարին շուրջ Իրանի եւ Արեւմուտքի միջեւ համաձայնութիւնը:

Ռուհանի ողջունեց Պըրրիի Թեհրան այցելութիւնը` մաղթելով, որ անիկա ամրապնդէ իրանեան-լիբանանեան յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը:

«Ձեր այցելութիւնը իւրայատուկ է, իսկ մենք Լիբանանի նկատմամբ սէր ու յարգանք կը տածենք եւ կը մաղթենք բարելաւել երկկողմանի յարաբերութիւնները», շեշտեց Ռուհանի:

Պըրրի եւ Լարիժանի
Պըրրի եւ Լարիժանի

Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի հետ:

Քննարկելէ ետք երկկողմանի յարաբերութիւններն ու հիւլէական թղթածրարին գծով գոյացած համաձայնութիւնը` Պըրրի եւ Լարիժանի մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին կատարեցին շարք մը յայտարարութիւններ:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ հիւլէական թղթածրարին գծով Իրանի եւ Արեւմուտքին միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը դարուս համաձայնութիւնն է` աւելցնելով, որ անիկա շատ կարեւոր համաձայնութիւն մըն է, որ կարելի եղած է իրականացնել Թեհրանի ջանքերով, համբերութեամբ, ճկունութեամբ եւ տոկալով:

Անդրադառնալով Պէյրութի մէջ իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած պայթումին` Պըրրի շեշտեց, որ անիկա  արժանացաւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն եւ համայնքներուն դատապարտումին: Ան նշեց, որ այդ պայթումը գործուած էր Քայիտայի կողմէ, եւ արդէն իսկ անձնասպանական գործողութիւնները կատարող երկու հեղինակներուն ինքնութիւնը բացայայտուած է: «Անոնցմէ մէկը լիբանանցի է, իսկ միւսը` ծագումով պաղեստինցի», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Լարիժանի անդրադարձաւ Թեհրանի եւ արաբական երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները խախտելու փորձերու, որոնց ծիրին մէջ ան ըսաւ, որ Իրան կը ջանայ շրջանին մէջ արաբական երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդել:

Պըրրի եւ Լարիժանի ընդգծեցին նաեւ Դիմադրութեան զօրակցելու եւ շրջանին մէջ առկախ մնացած հարցերը լուծելու կարեւորութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Պըրրիի ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կազմեցին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Ապտել Լաթիֆ Զէյն, Ղազի Զաայթեր, Ալի Ֆայեատ, Քասեմ Հաշեմ, ինչպէս նաեւ վարչական հարցերու եւ լրագրողներու պատուիրակութիւն մը:

 

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Շարպելի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Համաեւրոպական Ֆոնոթոնը Արձանագրեց 1.460.000 Եւրօ Նուիրատուութիւն

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.