Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄԵՆՔ ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆՔ ՈՐԵՒԷ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԻ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

June 18, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ դրական նկատեց Հայ ազգային քոնկրեսին հետ վերջին ամիսներու աշխատանքը եւ յոյս յայտնեց, որ երկուստեք հասկացողութիւն ըլլայ այն մասին, որ սկսած հոլովոյթը պէտք է միացեալ ուժերով պահպանել եւ առջեւ տանիլ:

Նախագահական ապարանքի մամլոյ ծառայութեան երէկ տարածած յայտարարութեան մէջ նախագահ Սարգսեան այդ հոլովոյթը երկխօսութիւն եզրով բնորոշեց եւ աւելցուց, որ իրենք սկսած են Հայ ազգային քոնկրեսին հետ երկխօսութեան հոլովոյթը: Ըստ անոր, ատիկա եղած է ոչ թէ որեւէ ճնշման հետեւանք, ինչպէս կը փորձեն ներկայացնել այդ երկխօսութենէն շփոթած առանձին ուժեր, այլ ուղղակի արդիւնքն է իրենց խոր գիտակցուած համոզումին:

Նախագահը նշեց, որ դէմ է երկխօսութիւնը բանակցութիւններու վերածելու գաղափարին: Ան յայտնեց, որ վերջնագիրերը անթոյլատրելի են, վերջնագիրերու լեզուով իրարու հետ խօսիլը ոչ մէկ տեղ տանող գործելաոճ է: Իսկ երկխօսութիւնը բանակցութիւններու վերածելու փորձերը ուղղակի անընդունելի են:

Կրկնելով, որ իշխանութիւնները պատրաստ են որեւէ քննարկման, նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ եթէ կան քաղաքական ուժեր, որոնք ունին որոշակի եւ ողջամիտ առաջարկներ, իրենք պատրաստ են որոշակի լուծումներու: Ըստ անոր, եթէ Հայ ազգային քոնկրեսին հայ ժողովուրդի հոգերուն եւ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ խնդիրներու շարքին սոսկ ընտրութիւնները կը հետաքրքրեն, ապա Ազգային ժողովի նախագահը պատրաստ է անձամբ ընդունելու ներկայացուցիչներուն այդ քաղաքական կառոյցի ղեկավար կազմին անդամները եւ լսելու զանոնք: Ան աւելցուց, որ եթէ կատարուին նաեւ առաջարկներ, որոնք ուղղուած ըլլան Հայաստանի տնտեսութեան վերելքին եւ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող ընկերային խնդիրներու լուծման, ապա վարչապետը անձամբ պատրաստ է զանոնք ընդունելու եւ քննարկելու: Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի նախագահի միջամտութիւնը պահանջող հարցերու առկայութեան պարագային նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը կրնայ ընդունիլ եւ քննարկել:

Եզրափակելով` նախագահ Սարգսեան Հայ ազգային քոնկրեսին առաջարկեց, որ եթէ անընդունելի բանակցութիւններու փոխարէն Հայ ազգային քոնկրեսը իրապէս պատրաստ է շարունակելու երկխօսութիւնը երկրին զարգացման ուղեգիծին, արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան առնչուող կարեւորագոյն հարցերու լայն ծիրին մէջ եւ ցանկութիւն ունի ատիկա իրականացնել միայն յատուկ նշանակուած մարդոց միջոցով, ապա համաձայնական կառավարութեան կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները կրնան նստիլ քննարկումներու սեղանին շուրջ:

Յիշեցնենք, որ 31 մայիսին հրաւիրուած վերջին հանրահաւաքին ընթացքին Հայ ազգային քոնկրեսի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեան յայտարարած էր, որ քոնկրեսը պատրաստ է երկխօսութեան: Ընդդիմադիր առաջնորդին այս յայտարարութեան յաջորդեց երկխօսութեան համար ձեւաւորուած պատուիրակութեան կազմաւորումը:

Ընդդիմութիւնը նաեւ յայտարարած էր, որ բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուի արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումը, մինչդեռ իշխանութիւնը պատասխանած էր, որ այդ հարցին շուրջ պիտի չբանակցին: Այսպիսի յայտարարութիւններ կատարած էին նախագահ Սարգսեանի ղեկավարած Հանրապետական կուսակցութեան տարբեր պաշտօնատարներ:

Հայ ազգային քոնկրեսը կ՛ըսէր, որ իրենք սպառած չեն նկատեր երկխօսութեան կարելիութիւնը եւ անձամբ կը սպասեն Սերժ Սարգսեանի պատասխանին:

Երէկ նախագահ Սարգսեանի յայտարարութենէն ետք, Հայ ազգային քոնկրեսը յայտարարեց, որ նկատի ունենալով յայտարարութեան պարունակած որոշակի անյստակութիւնները եւ առանձին ձեւակերպումներու բազմիմաստութիւնը, Քոնկրեսը նպատակայարմար կը նկատէ անոր գնահատականը տալ` իր կառոյցներուն մէջ քննարկելէն ետք:

Անդրադառնալով ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսին հետ երկխօսելու նիւթին` երէկ Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ, խորհրդարանին մէջ հանրապետական խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան յայտնեց, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ իշխող համաձայնական կառավարութիւնը համաձայն է Հայ ազգային քոնկրեսին հետ որեւէ նիւթի, ինչպէս` արտակարգ ընտրութիւններու շուրջ երկխօսութեան:

Ան աւելցուց, որ կողմերուն հանդիպումներուն վերաբերող թեքնիք հարցերը, որոնց շարքին` երկխօսութեան օրակարգի ձեւաւորումը, լուծելի խնդիրներ են:

 

 

Նախորդը

ԼՈՒՔԱՇԵՒԻՉ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ «ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՂ» ԵՒ «ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿ» ԿՈՉՈՂ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԼՐԱԳՐՈՂԻՆ ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԱԾ Է

Յաջորդը

«ՄԵՆՔ ՏԵՍԱՆՔ, ՈՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ԱՒԵԼԻ ՃԿՈՒՆ ԴԱՌՆԱԼ, ՍԱԿԱՅՆ ՉԵՄ ՈՒԶԵՐ ՄԻՆՉԵՒ ՔԱԶԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՉԱՓԱԶԱՆՑ ԼԱՒԱՏԵՍ ԸԼԼԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.