Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յառաջիկայ Տարուընէ Սկսեալ «Էր Ֆրանս» Փարիզ – Երեւան Շաբաթական 6 Թռիչք Կ՛իրականացնէ

November 22, 2013
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Air France2014-ի մայիսէն սկսեալ ֆրանսական «Էր Ֆրանս» օդանաւային  ընկերութիւնը արդէն շաբաթական վեց թռիչք  պիտի իրականացնէ Փարիզէն Երեւան եւ հակառակ ուղղութեամբ, իսկ 2014 թուականի յուլիս-օգոստոս ամիսներուն, ընդհանրապէս շաբթուան բոլոր օրերուն թռիչքներ  պիտի իրականանան, լրագրողներուն երէկ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեցին «Եւրոպա» պանդոկի եւ «Էքզեքիութիվ Թրեվըլ» ու «Սապերաթուր-Սեւան» զբօսաշրջական ընկերութիւններու հիմնադիր նախագահ Լեւոն Պաղտասարեանն ու հիմնադիր Վարուժան Սարգսեանը:

«Էքզեքիութիվ Թրեվըլ» ընկերութիւնը հիմնադրուած է 2006 թուականին եւ կը հանդիսանայ «Էր Ֆրանս» եւ «Քա. Էլ. Էմ.» օդանաւային ընկերութիւններու պաշտօնական ներկայացուցիչը: Ընկերութեան հիմնադրման սկզբնական ժամանակաշրջանին «Էր Ֆրանս» իրականացուցած է շաբաթական 3 թռիչք, յետոյ` 4 թռիչք, իսկ հիմա, ներկայացուցիչի երկար բանակցութիւններէն ետք յաջողած է  համոզել օդանաւային ընկերութիւնը յառաջիկայ տարուընէ սկսեալ իրականացնել շաբաթական 6 թռիչք, իսկ ամրան երկու ամիսներուն` շաբաթական 7 թռիչք` ամէն օր:

«Նստատեղերու շատացման պարագային արդէն տոմսերն ալ պիտի աժաննան», այս առումով նշեց Լեւոն Պաղտասարեան:

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անրի Ռենօ, ոգեւորուելով այս իրողութենէն, լրագրողներուն ներկայացուց, որ «Էր Ֆրանս»-ը Ֆրանսայի ամէնէն դժուար համոզուող ընկերութիւնն է, եւ իր յարգանքն ու հիացմունքը յայտնեց գործարարներուն նկատմամբ եւ նշեց. «Եթէ  կրցած էք համոզել «Էր Ֆրանս»-ը ոչ միայն յուլիս-օգոստոս, այլեւ մնացեալ ամիսներուն ալ ամէնօրեայ թռիչքներ կատարելու Հայաստան, ես այդ ուրախ լուրը կը տօնեմ ձեզի հետ միասին` շամփայնով»:

Լրագրողները Լեւոն Պաղտասարեանէն հետաքրքրուեցան, թէ Ֆրանսայէն տարեկան որքա՛ն զբօսաշրջիկ կու գայ Հայաստան: Ան պատասխանելով նշեց, թէ յստակ թիւ ըսելը այժմ դժուար է, բայց վստահեցուց, որ զբօսաշրջիկներուն թիւը տարեկան 10-15 առ հարիւրով աճ կ՛արձանագրէ:

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանն ալ նշեց, որ երկուստեք այցելութիւնները բաւական աւելցած են ու պատահական չէ, որ «Էր Ֆրանս»-ը համաձայնած է շաբաթական թռիչքներու թիւը աւելցնել: Դեսպանը նշեց, որ եթէ զբօսաշրջիկներու թիւը աւելցած չըլլար, ընկերութիւնը թռիչքները չէր աւելցներ:

Անրի Ռենօ օգտուելով առիթէն, կոչ ուղղեց ներկաներուն, լրագրողներուն եւ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն, աւելի աշխուժ ըլլալու եւ այցելելու Ֆրանսա` Փարիզ. այս կոչին արձագանգեց պանդոկի եւ «Էքզեքիութիվ Թրեվըլ» ու «Սապերաթուր-Սեւան» զբօսաշրջական ընկերութիւններու հիմնադիր Վարուժան Սարգսեան` շեշտելով, որ դեսպանին լուրը շատ հաճելի է, բայց որպէսզի կարենան աւելի շատ զբօսաշրջիկ տանիլ Ֆրանսա, վատ չէր ըլլար այցեգիրի հետ կապուած հարցերը քիչ մը դիւրացնել, քանի որ վիզայի հարցը ամէնէն խնդրայարոյցներէն է: Ան յոյս յայտնեց, որ այդպէս ալ ըլլայ:

Անրի Ռենօ կոչ ուղղելէ ետք, որ դէպի Ֆրանսա այցելութիւնները աւելնան, ըսաւ, որ այցեգիր ստանալու պայմաններու առումով ֆրանսական դեսպանատունը նման բոլոր կարգի միւս ծառայութիւններու շարքին յառաջատար դիրքերու վրայ է, քանի որ այստեղ արտօնագիր ստանալու ընթացակարգերը բաւականին կարճ կը տեւեն: Եթէ բոլոր անհրաժեշտ փաստաթուղթերը ներկայացուին, ապա այցեգիր ստանալու դիմումին 3 օրէն կ՛արձագանգեն:

Անրի Ռենօ յիշեց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ վերջերս ստորագրուած ու վաւերացուած փաստաթուղթը, որով հասարակութեան որոշ խումբերու համար այցեգիրի դրութեան պայմանները կը մեղմացնեն:

 

 

Նախորդը

Ելեւմտագէտներու Եւ Դրամատնային Մարզի Ներկայացուցիչներու Համահայկական Երկրորդ Համաժողովը Տեղի Ունեցաւ

Յաջորդը

«Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը Մեր Ցանկութիւնն Ու Տեսլականն Է» Ըսած Է Տաւութօղլու

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.