Թեհրանի մէջ հրատարակուող «Ալիք» թերթի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ 19 նոյեմբերի երեկոյեան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան հանդիպում ունեցաւ Հայ դատի բարեկամներու եւ համակիրներու հետ:
Հանդիպման ընթացքին Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ Հայաստանի տնտեսական-քաղաքական իրավիճակին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի պետական յանձնաժողովին հետ միացեալ աշխատանքներուն, անոնց մէջ կուսակցութեան դերին եւ շրջանային հարցերու:
Հրանդ Մարգարեան մանրամասն ներկայացուց Սուրիոյ մէջ տիրող վիճակը եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ՀՅԴ-ի նախաձեռնութիւնները, որոնք, իբրեւ օժանդակութիւն, կրնան սուրիահայերուն համար որոշակի ապահովութիւն ստեղծել:


