Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Քիմիական Զէնքերը Կրնան Ոչնչացուիլ Ծովուն Մէջ

November 21, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ միջազգային վերահսկողութեան տակ գտնուող սուրիական քիմիական զէնքերը կրնան մշակուիլ եւ ոչնչացուիլ ծովուն մէջ:

Ալպանիա քանի մը օր առաջ մերժած էր այդ զէնքերը իր տարածքին մէջ ոչնչացնելու Միացեալ Նահանգներու խնդրանքը: Այդ մերժումէն ետք, արեւմուտքցի դիւանագէտներն ու Քիմիական զէնքի տարածման կանխարգիլման կազմակերպութեան ներկայացուցիչները սկսած էին զէնքերը ծովուն մէջ ոչնչացնելու տարբերակը քննարկել: Ներկայիս փորձագէտները հասած են այն եզրակացութեան, որ այդ տարբերակը թեքնիք առումով իրագործելի է, սակայն տակաւին յստակ որոշումներ չեն որդեգրուած:

Գոյութիւն ունի նաեւ այն կարծիքը, որ այդպիսի մեծ խնդիրի մը ծովուն մէջ լուծումը աննախադէպ է: Ներկայիս քիմիական զէնքը ծովուն մէջ ոչնչացնելու փորձառութիւն ունի Ճափոնը:

Ոչնչացման ենթակայ է 1.3 թոն թունաւոր նիւթ:  Այդ գործողութիւնը պէտք է աւարտի 2014-ի կիսուն: Ռուսիան այդ նպատակին համար 2 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ:

Մինչ այդ, սուրիական կառավարութիւնը երեքշաբթի օր սուրիական ջուրերուն մէջ քարիւղի եւ բնական կազի պեղման համար համաձայնութիւն գոյացուցած է ռուսական «Սիուզ Նաֆթակազ» ընկերութեան հետ:

Ռուս դիւանագէտներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Մոսկուա Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի ներկայութեան երկուշաբթի օր  Ժընեւի մէջ նախատեսուած ռուս-ամերիկեան հանդիպումը «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի վերջնական թուականի ճշդման համար «վճռորոշ» կը նկատէ` նշելով, որ «թուականը յառաջիկայ ամսուան շուրջ կէսին ըլլալուն շուրջ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւն» գոյութիւն ունի:

Դիւանագէտները կ՛աւելցնեն, որ թուականի ճշդումը նախ եւ առաջ կախեալ պիտի ըլլայ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Ժարպայի` յառաջիկայ շաբթուան վերջաւորութեան Մոսկուա նախատեսուած այցելութեան արդիւնքներէն, հակառակ անոր որ կարգ մը աղբիւրներ նշեցին, որ Ժարպա Մոսկուայի յայտնած է, որ պատուիրակութիւն մը պիտի ուղարկէ, որուն ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքին լոյսին տակ ինք կրնայ Մոսկուա այցելել:

Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտ լիբանանեան «Նահար»  օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր կառավարութիւնը կտրուկ կերպով կը մերժէ «Ժընեւ-2»-ին Իրանի մասնակցութիւնը` Սուրիոյ պատերազմին անոր, Հըզպալլայի եւ Իրաքէն զինեալ տարրերու ուղղակի մասնակցութեան պատճառով` աւելցնելով, որ «Իրան միշտ ալ «Ժընեւ-1»-ի պարունակութիւնը կը քննադատէր»:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Իրան Իր Հիւլէական Իրաւունքներէն Պիտի Չհրաժարի, Այլ Զանոնք Պիտի Պաշտպանէ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.