Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մէջ. Նախագահ Սարգսեան Այցելեց Զօրամասեր

November 16, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4608_bԱշխատանքային այցելութեամբ Արցախ գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ հայկական երկու հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներուն եւ բարձրագոյն սպայական կազմին հետ այցելեց բանակի կեդրոնական ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկը։ Ողջունելէ ետք անձնակազմը, նախագահը զրուցեց զինուորներուն եւ սպայական կազմին հետ, ապա դիտեց հետախուզական վաշտի ցուցադրական վարժութիւնը։ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահները ծաղկեպսակ զետեղեցին զօրամասի տարածքին մէջ կառուցուած զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին։

Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան զօրամասի տարածքին մէջ բանակային շինութիւններու բացման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք, դիտեցին մարտական հերթապահութեան մեկնող անձնակազմի նախապատրաստական վարժութիւնները եւ խրախուսեցին լաւագոյն արդիւնք ցուցաբերողները։ Երկու նախագահները այցելեցին նաեւ հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկը, ուր բացուած է ծառայութեան համար անհրաժեշտ բոլոր յարմարութիւններով նորակառոյց շէնք մը։ Աւարտեցաւ երկու նախագահներու փոխադարձ գործակցութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի  եռօրեայ այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի բանակի զօրամասեր եւ առաջին գիծ։

Ստեփանակերտի մէջ երէկ առաւօտեան տեղի ունեցաւ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Բակօ Սահակեանի դռնփակ հանդիպումը, որուն յաջորդեց ընդլայնուած կազմով խորհրդակցութիւն մը՝ Հայաստանի պատուիրակութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետի եւ կառավարութեան անդամներուն մասնակցութեամբ։

 

Նախորդը

«Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպումը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Նոր Խթան Պիտի Հաղորդէ» Կ՛ըսէ Պեր

Յաջորդը

Քաղաքական Մեծամասնութիւնը Կը Ձախողեցնէ Խորհրդարանական Արտակարգ Նիստին Գումարումը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.