Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պքերքէի Մէջ Հնչեցին Ազգային Երկխօսութեան Վերադառնալու Կոչեր Եւ Նախագահի Փոփոխութեան Ու Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Յայտնուեցան Զօրակցութիւններ

November 16, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման եւ Ռայի պատրիարք
Նախագահ Սլէյման եւ Ռայի պատրիարք

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, ներկայութեամբ Նասրալլա Սֆէյր նախկին պատրիարքին։

Հանդիպումէն ետք նախագահ Սլէյման ներկայ գտնուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ.  նախկին պապին Լիբանան այցելութեան մասին գիրքին շնորհահանդէսին։

Գիրքը, որ կը կրէ «Խաղաղութիւնս ձեզի կու տամ» անունը, կը ներկայացնէ Պենետիկտոս ԺԶ. պապի Լիբանան կատարած այցելութեան մանրամասնութիւնները։

Գիրքի շնորհահանդէսի պաշտօնական ձեռնարկին ընթացքին Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն իմաստուն կերպով վարուելու եւ գործակցելու։

Ռայի պատրիարքը զօրակցութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանի կողմէ ազգային երկխօսութեան վերսկսելու եւ ազգային հաշտութիւն հաստատելու ճիգերուն։

Ան կոչ ուղղեց վերջ տալու համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւններուն, ինչպէս նաեւ խորհրդարանէն խնդրեց ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնել։

«Լիբանանեան տարակարծիք քաղաքական ուժերէն կը խնդրենք դիւրացնել կառավարութեան կազմութիւնը։ Մենք կոչ կ՛ուղղենք կազմելու համախմբող կառավարութիւն մը, որ կարողութիւնը ունի լուծելու երկրին դիմագրաւած տնտեսական, ելեւմտական եւ ապահովական մարտահրաւէրները։ Մենք կը զօրակցինք նաեւ նախագահ Սլէյմանի՝ ըստ սահմանադրական ժամկէտին նախագահական ընտրութիւններ կատարելու ջանքերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին մէջ նախագահի փոփոխութիւնը ապահովել եւ պահպանել Լիբանանը իւրայատուկ դարձնող ժողովրդավարութիւնը», շեշտեց Ռայի պատրիարքը։

Նախագահ Սլէյման իր կարգին շեշտեց նախագահի փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը եւ կոչ ուղղեց քրիստոնեաներուն անշեղ մնալու «Առաքելական յորդոր»-ին գործադրութենէն։

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց չափաւորականութեան, երկխօսութեան, ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պահպանումին կարեւորութիւնը։ Ան կոչ ուղղեց իրարու բացուելու եւ չընկղմելու իրարու հետ նոյնանալու ծուղակին մէջ։

Նախագահ Սլէյման շեշտեց բազմազանութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը։ Ան հաստատեց, որ պէտք չէ վստահիլ օտար վերացական պաշտպանութեան կամ փոքրամասնութիւններուն միջեւ բանակցութիւններ ի յայտ բերել։

 

Նախորդը

«Դատական Գործառնութիւնները Պէտք Է Շարունակել Առանց Ճնշումներէն Ազդուելու» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Յաջորդը

«Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպումը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Նոր Խթան Պիտի Հաղորդէ» Կ՛ըսէ Պեր

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.