Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Մէջ. «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» 9-րդ Հատորի Շնորհահանդէս

November 16, 2013
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

KINETSON2

KINETSON1

 

 

 

 

 

 

Երէկ՝ ուրբաթ, 15 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» Ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան  պատմութեան Համար» 9-րդ  հատորի շնորհահանդէսը:

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Եսայի Հաւաթեան, որ ողջունեց ներկաները եւ յատկապէս Երեւանի  պետական  համալսարանի պատմութեան  բաժանմունքի վարիչ, պատմական  գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆ. Էդիկ Մինասեանը, Երեւանի պետական համալսարանի  հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն, պատմական  գիտութիւններու  թեկնածու Մհեր Յովհաննիսեանը, «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» 9-րդ հատորի խմբագիր, պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանը, Այնճարի հոգեւոր պետերը, քաղաքապետը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն եւ ձեռնարկին ներկայ եղող հայրենակիցներն ու ԼԵՄ-ականները:

Mher-Hovhanissian
Մհեր Յովհաննիսեան
Էդիկ Մինասեան
Էդիկ Մինասեան

Լիբանանեան, հայաստանեան եւ Դաշնակցութեան քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, փրոֆ. էդիկ Մինասեան հանգամանօրէն ներկայացուց հատորը իր երեք գլուխներով եւ մանաւանդ բարձր գնահատեց խմբագիրին բծախնդիր ու գիտական աշխատանքը, որ մեծ ներդրում է հայոց պատմութեան 1897-1914 ժամանակաշրջանի ուսումնասիրութեան համար:

Պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մհեր Յովհաննիսեան անդրադարձաւ հատորի կարեւորութեան՝ նշելով, որ անիկա կը լուսաբանէ բազմաթիւ հարցեր, որոնք անորոշ էին վերջին շրջանի պատմութեան մէջ: Ան հատորը նկատեց գիտական մեծ ուսումնասիրութիւն, որ կատարուած է գիտական մօտեցումով եւ մեծ բծախնդրութեամբ:

Զոյգ պատմաբաններու խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ հատորի գինեձօնը՝ մասնակցութեամբ Այնճարի հոգեւոր պետերուն:

Մհեր Յովհաննիսեան Այնճարի հայոց պատմութիւն դասաւանդող ուսուցիչներուն նուիրեց յոյժ կարեւոր հատորներ, իսկ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անունով Յակոբ Այնթապլեան յատուկ շքանշանով պատուեց հատորի խմբագիր Երուանդ Փամպուքեանը՝ իր երկար տարիներու ազգային-կուսակցական բեղուն գործունէութեան համար:

Երուանդ Փամպուքեան
Երուանդ Փամպուքեան

Դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբի նախագահ տոքթ. Կարօ Փիլաւճեան հայրենի պատմաբաններուն նուիրեց մարմինի հրատարակութիւններէն հատորներ, իսկ փրոֆ. Էդիկ Մինասեան կեդրոնին նուիրեց Արցախի քարտէսագիրքը եւ այլ հրատարակութիւն մը:

Ձեռնարկի աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց հատորի խմբագիր, պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն, հայրենի պատմաբաններուն եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին:

Ան յայտնեց, որ ՀՅԴ արխիւը շատ հարուստ է մեծաթիւ արխիւային փաստաթուղթերով, եւ այդ փաստաթուղթերուն հրատարակութիւնը մեծապէս կը լուսաբանէ հայոց պատմութեան վերջին ժամանակաշրջանը:

Ձեռնարկին առիթով տեղի ունեցաւ յեղափոխական գիրքերու ցուցադրութիւն եւ վաճառք՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան»  տպարանի գրատարածին կողմէ:

 

Նախորդը

Նամականի

Յաջորդը

Հալէպի Մէջ Դարձեալ Հայ Մը Զոհուած Է

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.