Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի

November 16, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

Սիրելի՛ Ազդակ,

Մամուլի մէջ յաճախ անդրադարձ կ՛ըլլայ լեզուական հարցերու,  յատկապէս՝ մամուլի լեզուի կապուած դիտողութիւններու ձեւի տակ:

Երեւութապէս լեզուական հարց մը կ՛արծարծէ նաեւ իմ այս մատնանշումս, որ «Ազդակ»-ի ճամբով կ՛ուզեմ ուղղել մեր ե՛ւ մամուլի օրկաններուն, ե՛ւ բարի կամեցողութեան տէր անհատ գրիչներու: Հարց մը, սակայն, միայն երեւութապէ՛ս լեզուական, ու փաստօրէն խորքային, կարեւոր – որովհետեւ ազգային -քաղաքական ու մարդկային բնոյթի:

Ուրեմն, ատենէ մը ի վեր, մեր հանրային ուշադրութեան առարկայ է (երբե՛մն միայն՝ ուշադրութեան կեդրոնին, ըստ իս՝ դժբախտաբար), «մահմետական հայերու» գոյութեան փաստը, մշակութա-բնակչագրական երեւոյթը, արծարծուող՝ տեղեկատուական ե՛ւ մեկնաբանական մակարդակներու վրայ: Ու շատ յաճախ, այդ համրանքը բնորոշելու համար՝ կը գործածուի «իսլամացած հայեր» եզրոյթը:

Խորհրդածական տարրական կեդրոնացում մը պիտի բաւէր անդրադառնալու, որ այս «իսլամացած»-ը, ի տարբերութիւն՝ նոյն դերբայի կրաւորական՝ «իսլամացուած» ձեւին, կը թելադրէ ներգործական, կամաւոր կրօնափոխութեան գաղափարը: Այսինքն կը զեղծէ, կը նենգափոխէ պատմութեան փաստերը, թէկուզ ակամայ:

Կարծեմ կարիք չկայ, բանականութեան ու խղճի տէր, նաեւ պատմական փաստերու տարրական չափով ծանօթ ոեւէ հայու, եւ առհասարակ՝ ոեւէ մարդ արարածի, բացատրելու, թէ ինչպիսի՛  պայմաններու տակ հաւատքէ ու ինքնութենէ հրաժարեցան հայ մարդիկ ասկէ հարիւրամեակ մը առաջ…

Չեմ մանրամասներ ուրեմն: Տեղեկատու մամուլ եւ հրատարակութիւններ կը բաւեն լուսաբանելու համար անգիտակ մտքեր, թարմացնելու համար բթացած յիշողութիւններ ու թմրած խիղճեր, եթէ կան:

Այս թեմայով՝ նկատուեցաւ, որ Պոլսոյ Պողազիչի համալսարանի խորհրդաժողովը, անցեալ շաբաթավերջին, կ՛ընդգծէր հոս նշուած տարբերութիւնը իր ձեւով, գործածելով «իսլամաց(ու)ած» միջանկեալ փակագծուած ու մը, թերեւս կամաւոր իսլամացման փոքրաթիւ պարագաներ ալ նկատի առած ըլլալու, բայց մանաւանդ՝ խուսափելու համար ժխտողական քաշքշուքներէ – իր խիզախ նախաձեռնութեան հիմնականը հետապնդելու եւ յաջողցնելու հասկնալի առաջադրանքով:

Բայց մենք, որ չունինք կարիք յարգելու այդպիսի անհարկի ու անտեսելի նրբութիւններ, պարտինք միահամուռ գործածել կրաւորական «իսլամացուած»ը, այդ խիստ ձեւով նշելու համար գործընթացին արիւնարբու բռնութեամբ կատարման փաստը, նաեւ չանիրաւելու՝ անհաշուելի համրանքը «ցկեանս նահատակներու» (գործածելով ռահվիրայ-հեղինակ բարեկամի մը՝ հանգուցեալ Գէորգ Աբէլեանի այնքան թելադրական բնորոշումը):

Եթէ ոմանք տակաւին փորձուին այս ճշդումը  նկատել լեզուական մանրուք ու սոփեստութիւն, լաւ է՝ զգուշանան որ իրե՛նք չիյնան պատմական եւ մարդկային ճշմարտութիւններ խեղաթիւրելու բուն սոփեստութեան մէջ: Եւ մանաւանդ՝ անդրադառնան, որ ատով կը դառնան առարկայական ձայնակիցներ ու կոյր դաշնակիցներ թուրք պետական քարոզչամեքենային եւ ժխտողականներու ամբոխ-հատուածին, որոնց համար, անշուշտ, «բռնի մահմետականացում չէ պատահած երբեք»…:

Հոս տեղը չէ անդրադառնալու իսլամացուած հայերու հարցի էութեան, անոր առնչուող սկզբունքային թէ գործնական, հեռանկարային խնդիրներուն: Ատիկա՝ ա՛յլ նիւթ է, մարտահրաւէրային հսկայ թղթածրար է (ի դէպ. այս ուղղութեամբ՝ մեր մամուլին մէջ երեւցած նորագոյն դրսեւորումներէն՝ կ՛ուզեմ յիշատակել գոնէ Գ. Պետիկեանի «ներածական» խորհրդածութիւնը, այնքան պարկեշտ ու սրտբաց): Ուրեմն, յանուն ուղիղ ու արդար լեզուամտածողութեան մը կիրարկման, յստակ սահմանափակումով՝ այս գերզգայուն նիւթին մէջ, պահանջելու պէս կը խնդրեմ արմատախիլ ընել մեր լեզուէն ու մտածողութենէն՝ «իսլամ հայեր», «իսլամացած հայեր» օտարոտի, պիղատոսական եզրոյթները: Եւ փոխարէնը գործածել «իսլամացուած»-ը, ի հարկին՝ «բռնի» մակբայի յաւելում-շեշտումով:

Սրբագրութիւնը, կասկած չունիմ, պիտի բաժնուի բանականութեան ու խղճի տէր ուշադիր գրիչներու կողմէ, որոնք առիթը կ՛ունենան կարդալու այս տողերը: Նոյն պատճառով, եւ բացառապէս, պիտի խնդրէի, որ արտասահմանեան մամուլը «Ազդակ»-էն արտատպէր առաջարկ-կոչս:

 

Աթէնք

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Աւետարանական Համայնքի Ներկայացուցիչերը

Յաջորդը

Այնճարի Մէջ. «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» 9-րդ Հատորի Շնորհահանդէս

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.