Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՆՈՐԱԿԱԶՄ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐՈՎ ԿԱԶՄՈՒԱԾ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

June 17, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Սաութ Հըրրիէ» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ  Լիբանանի նորակազմ կառավարութիւնը լիբանանեան ջանքերով կազմուած կառավարութիւն է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ էր կազմել կառավարութիւնը:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ կարելի չէ այս կառավարութիւնը կոչել Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու կամ Հըզպալլայի կամ միագոյն կառավարութիւն, որովհետեւ անոր մաս կը կազմեն քաղաքական տարբեր ուժեր:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ քաղաքական հակառակորդ կողմին իրաւունքն է ընդդիմութիւն դառնալ, սակայն կարելի չէ առանց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումին, առաջին օրէն դատապարտումներ արձակել եւ որակումներ սահմանել կառավարութեան նկատմամբ:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեամբ նախ եւ առաջ յաղթանակ արձանագրողը եղած է լիբանանցի քաղաքացին:

Կառավարութեան կառոյցին եւ կազմութեան հոլովոյթին մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ուժային եւ ոչ ուժային նախարարութիւններու գոյութիւնը եւ այդ նախարարութիւնները ստանձնելու առումով լիբանանեան տարբեր համայնքներուն միջեւ խտրականութիւնն ու դասակարգումը տհաճ եւ տգեղ երեւոյթներ են, որոնք անարդար են համայնքներուն հաշուոյն եւ պէտք է զանոնք շրջանցել:

«Նորակազմ կառավարութիւնը կը ներկայացնէ լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը: Երանի այս կառավարութիւնը ըլլար ազգային միասնականութեան յաջող կառավարութիւն մը: Անշուշտ կառավարութիւնը կը դիմագրաւէ յստակ մարտահրաւէրներ եւ դժուարութիւններ, սակայն կարելի չէ ըսել, որ Հըզպալլայի, Ազգային ազատ հոսանքի, ՀՅԴ-ի կամ Մարատայի նախարարները Սուրիոյ նախարարներն են: Իսկ եթէ կարիքը զգացուի, կարելի է վերաշխուժացնել Ազգային երկխօսութեան խորհուրդը եւ այդ ձեւով շարունակել երկիրը յուզող հարցերուն քննարկումները», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ կառավարութիւնը դիմակայութեան կառավարութիւն է այն իմաստով, որ ան կ՛ուզէ պաշտպանել Լիբանանի ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը եւ կը դիմադրէ Իսրայէլի` պահպանելով Դիմադրութեան իր ուժը:

«Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին եւ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան, ոչ ոք կը մերժէ այդ բոլորը, սակայն բոլորս յոյսով ենք, որ պիտի կարենանք արգիլել այդ ատեանին քաղաքականացումը եւ ի վերջոյ յանգիլ ճշմարտութեան ու արդարութեան», յայտնեց Յ. Բագրատունի:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ պէտք է կառչած մնալ այն իրականութեան, որ նորակազմ այս կառավարութիւնը Լիբանանի կառավարութիւնն է եւ ոչ թէ Միացեալ Նահանգներու, Իրանի, Սէուտական Արաբիոյ կամ այլ երկրի մը: «Պէտք է բոլորը լաւապէս հասկնան ու ըմբռնեն, թէ լիբանանցիները իրենց երկրին եւ ժողովուրդին շահերը շատ աւելի լաւ գիտեն, քան օտար պետութիւնները», աւելցուց ան:

Անդրադառնալով Լիբանանի կողմէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու է այդ բանաձեւին գործադրութեան` ընդգծելով, որ Իսրայէլն է մնայուն կերպով այդ բանաձեւին գործադրութիւնը խախտողը: «Եթէ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան նկատմամբ յանձնառութիւն կայ, ապա միջազգային ընտանիքը պէտք է ճնշում բանեցնէ Իսրայէլի վրայ, որպէսզի անոր ուժերը հեռանան Լիբանանի բռնագրաւուած հողերէն», ըսաւ ան:

Սուրիական-թրքական յարաբերութիւններուն ակնարկելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին խորհուրդ տալու իմաստով ժողովրդավարական այդ բարձր մակարդակին վրայ չի գտնուիր: «Իսկ Թուրքիոյ պատմութիւնը ցեղասպանութիւններէ, բռնագրաւումներէ եւ սպանդներէ հեռու ժողովրդավարական վարչակարգի փայլուն էջեր չի բովանդակեր: Եթէ թուրքերը այդքան մարդասիրական ազնիւ զգացումներու տէր անձեր են, ապա անոնք պէտք է նաեւ գիտակցին, որ Սուրիայէն գաղթած ինը հազար քաղաքացիները ի վերջոյ իրենց հողերուն վրայ կը գտնուին, որովհետեւ այդ հողերը Ալեքսանտրէթի հողերն են եւ կը պատկանին Սուրիոյ», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի խստիւ դատապարտեց Թուրքիոյ հանդէպ բացուելու արաբական աշխարհին քաղաքականութիւնը` ընդգծելով, որ ժողովուրդներուն միջեւ կան յստակ փորձառութիւններ, եւ մենք` լաւ ճանչնալով Թուրքիան, կը տեսնենք, որ շրջանին շահերը կը պահանջեն ընդդիմանալ թրքական քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային ներխուժումին:

 

 

Նախորդը

ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԻՔԱԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՄՇԱԿՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՌԱՋԻՆ ՆԻՍՏԻՆ

Յաջորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ԵՐԿՈՒ ՆՈՐ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.