Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Համահայկական Խորհրդաժողովը

November 12, 2013
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

khorhrՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 8-10 նոյեմբերին Երեւանի ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու համահայկական խորհրդաժողովը։

Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին 17 միութիւններէ 25 ներկայացուցիչներ՝ Քանատայէն, Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Հոլանտայէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Լիբանանէն, Հիւսիսային եւ Հարաւային Իրանէն, Արցախէն եւ Հայաստանէն։ Պէտք է նշել, որ խորհրդաժողովի աշխատանքներուն մասնակից եղան ՀՅԴ Սուրիոյ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները՝ Սքայփի միջոցով։ Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կից Երիտասարդական խորհուրդի անդամներ։

Եռօրեայ նիստերու օրակարգին վրայ ընդգրկուած էին ՀՅԴ Երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու անցնող 18 ամիսներու գործունէութեան զեկուցումը, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի գործունէութեան զեկուցումը, «ՀՅԴ Երիտասարդական հայեցակարգ եւ ռազմավարական նպատակներ» փաստաթուղթերու ներկայացումը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչութեամբ համահայկական երիտասարդական տարողութեամբ աշխատանքներու կազմակերպման հարցը, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ արտերկրի միութիւններու միջոցով պատանեկան ճամբարներու կազմակերպման արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու հարցը եւ յառաջիկայ երկու տարուան գործունէութեան համար առաջարկներու ներկայացումը։ Խորհրդաժողովին մասնակիցները ունկնդրեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեանի դասախօսութիւնը՝ «Հայաստանի աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակն ու հեռանկարները» նիւթով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխան եւ քննարկում։

Եռօրեայ նիստերու ընթացքին հնչեցին բազմաթիւ տեսակէտներ եւ առաջարկներ։ Յատուկ շեշտ դրուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ աշխատանքները ծաւալելու անհրաժեշտութեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը միամուռ ջանքերով եւ մեծածաւալ կերպով նշելու հրամայականի եւ 100-ամեակը իբրեւ պայքարի նոր սկիզբ ընկալելու կարեւորութեան, արտաքին-յարաբերական դաշտին մէջ աւելի ազդեցիկ ներկայութիւն ունենալու, միութիւններու կազմակերպական մակարդակը բարձրացնելու, քաղաքական եւ դաստիարակչական աշխատանքները խորացնելու վրայ։

Ընդգծուեցաւ նմանատիպ խորհրդաժողովներու կարեւորութիւնը՝ միտքերու եւ փորձառութիւններու փոխանակման, մէկը միւսին դժուարութիւններուն մասին տեղեկանալու, իրար օժանդակելու եւ նոր ծրագիրներու մշակման տեսանկիւնէն։

Խորհրդաժողովի փակման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան եւ Երիտասարդական խորհուրդի անդամ Մուրատ Թոփալեան։

Խորհրդաժողովը ընթացաւ ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ։

 

Նախորդը

Խմբագրական. «Նիւթեր»ը՝ Պէյրութէն Դէպի Երեւան

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.