«Շարք Աուսաթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ՔԱԿ-ի համանախագահը յայտարարած է, թէ «քիւրտ ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի՝ այս տարուան Նովրուզի տօնին առիթով ուղղած իր պատգամին մէջ ձեռնարկած խաղաղութեան հոլովոյթը վերջ գտաւ»։
Ան յայտնեց, որ «այս հոլովոյթին վերաբերող հանգրուանները վերջ գտան, եւ ժամանակը հասած է, որ Թուրքիա իսկական քայլեր առնէ այս համաձայնութեան ստորագրման կամ ամբողջ հոլովոյթի թաղման ուղղութեամբ»։ Ան նաեւ քննադատեց Իրանի եւ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցին նկատմամբ իրանեան քաղաքականութիւնը։
Կորդուաց լեռներուն վրայ գտնուող քիւրտ ղեկավար աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ»-ին յայտնած է, որ «բացարձակապէս անիմաստ է շարունակել հոլովոյթ մը, որ Թուրքիա իր ամբողջ ջանքով կը ջանայ ձախողութեան մատնել՝ չընդառաջելով հոլովոյթին մէջ ազդու կողմին, որ մեր կուսակցութիւնն է, եւ մինչ քիւրտ ժողովուրդին գոյութեան թրքական ժխտումը կը շարունակուի։ Ծունկի բերելու լուծումները շրջանին մէջ քրտական հարցին տարողութեամբ մեծ հարցերու լուծման չեն նպաստեր»։


