Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Պատմութեան Խորհուրդը Կը Պատրաստուի 2015-ին

November 9, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մարմարա» կը գրէ, որ որոշ ատենէ մը ի վեր կը հաղորդուի, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը պատրաստուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հայերու կողմէ ձեռնարկուած միջոցառումները դիմագրաւելու։ Պահպանողական շրջանակներ արդէն որոշ ատենէ ի վեր զգուշութեան կը հրաւիրեն կառավարութիւնը եւ կը հարցնեն, թէ կառավարութիւնը ինչպէ՞ս պիտի փոխադարձէ հայերու պահանջատիրական պնդումներուն։

Չորեքշաբթի օր հաղորդուած է, որ այս նիւթին շուրջ լուրջ պարտականութիւն յանձնուած է Թուրքիոյ պատմութեան խորհուրդին (Թիւրք Թարիհ Քուրումու), որ միջազգային հանրային կարծիքի հրապարակին վրայ հայերու կողմէ Թուրքիոյ դէմ ցեղասպանութեան ամբաստանութիւններուն մասին պիտի խօսի «պատմական ճշմարտութիւններու լոյսին տակ» եւ պիտի պատրաստէ փաստագրական ժապաւէններ, որոնք արձագանգ պիտի ստեղծեն։

«Մարմարա» կը յիշեցնէ, որ Թուրք պատմութեան խորհուրդի նոր նախագահ Մեթին Հուլակու վերջերս կատարած էր յայտարարութիւններ, որոնք բողոքներ յառաջացուցած էին։ «Եթէ հայերը փաստաթուղթ ունենային, հարիւր տարի չէին սպասեր մեզի դէմ գալու համար», ըսած էր ան։

Օրաթերթը կը նշէ, որ խորհուրդը ներկայիս կը պատրաստէ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերող հրատարակութիւններու շարք մը, որ բազմաթիւ մասնագէտներու կողմէ գրուած պիտի ըլլայ։ Խորհուրդը 2013-ին 17 հատոր հրատարակած է, եւ մինչեւ տարեվերջ պիտի հրատարակուին 180 ուսումնասիրութիւններ եւս։ Բացի ատկէ, նախապէս տպուած 5 գիրքերու նոր տպագրութիւնը իրականացած է։ Որոշուած է, որ խորհուրդը դրամական օգնութիւն տրամադրէ 34 պեղումներու եւ մակերեսի փնտռտուքներու համար։ 2013-ին Թուրք պատմութեան խորհուրդի գրադարանէն օգտուած են 4486 հետազօտողներ, որոնք աւելի քան 21 հազար փաստաթուղթ օգտագործած են։ Կը շարունակուի տասնեակ հազարաւոր գիրքերու դասաւորումը եւ կարգ մը արժէքաւոր ձեռագիրներ թուայնացնելու աշխատանքը։ Խորհուրդը կրթաթոշակներ պիտի յատկացնէ նաեւ այս մարզերուն մէջ մասնագիտանալ ուզող ուսանողներուն։

 

Նախորդը

Քիւրտերը Կ՛ուզեն Բիւրակն Բնակավայրին Անունը Փոխել

Յաջորդը

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հերքած Է Հայաստան-Թուրքիա Սահմանի Բացման Կարելիութեան Մասին Լուրը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.