Փարիզի «Մաշտոց» միութեան հիմնադիր նախագահ Հիլտա Գալֆայեան երէկ այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի, ինչպէս նաեւ խմբագրակազմին հետ:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ծանօթանալու 1993-ին հիմնուած «Մաշտոց» միութեան սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ տարած աշխատանքին: Գալֆայեան խօսեցաւ օտարախօսներու համար իր պատրաստած ձեռնարկին մասին, որ երեք լեզուներով է (ֆրանսերէն, անգլերէն եւ հայերէն) եւ կը բաղկանայ երեք դասագիրքերէ եւ երկու խտասալիկներէ:
Հանդիպումին ընթացքին նաեւ անդրադարձ եղաւ արեւմտահայերէնի դիմագրաւած հարցերուն:


