Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին Հրամանագիրով Պարգեւատրում` Կրթական Մշակ Եւ Մտաւորական Պէպօ Սիմոնեանի

November 7, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սփիւռքահայ մտաւորականներու, կրթական մշակներու, հայկական մշակութային աւանդի պահպանման ջատագովներու գնահատման քայլերու ծիրին մէջ, լիբանանահայ կրթական մշակ, գրող եւ մտաւորական Պէպօ Սիմոնեան պարգեւատրուեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 6 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ, Ռապիէ: Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ու ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներու, նախկին  թէ ներկայ երեսփոխաններու, միութենական ներկայացուցիչներու, ուսուցիչներու եւ մշակութասէր հանրութեան կայացած այս ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան ողջունեց ներկաները`  յայտնելով, որ հրապարակախօս, մանկավարժ, Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ Պէպօ Սիմոնեան կը պարգեւատրուի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով: «Հայաստանի Հանրապետութիւնը շատ բարձր կը գնահատէ մեր հայրենակիցներու ճիգերը` հայ մշակութային աւանդի բարձր պահպանման գծով», ընդգծեց դեսպան Քոչարեան` սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով մեծարեալը, որ 2002-ին պարգեւատրուած էր  Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ եւ 2012-ին անդամակցած է Հայաստանի գրողներու միութեան, իսկ 2010-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով: «Դուք հարուստ էք հոգեպէս, հայրենիքէն հեռու կը շարունակէք հայապահպանումի ձեր ճիգերը, կը նպաստէք լիբանանահայ համայնքի ազգային գործունէութեան` սէր ու համերաշխութիւն սերմանելով ամէնուրեք», ընդգծեց դեսպան Քոչարեան` իր խօսքը ուղղելով սփիւռքահայ մտաւորական ընտրանիին, խիստ բարձր գնահատելով անոր ներուժը հայ արժէքներու ծաղկումին մէջ ու սրտանց ողջունեց բոլորը:

Ապա, լիբանանահայ ծանօթ մտաւորական, «Կամար» ամսագիրի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան ողջունեց ներկաները` ըսելով, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան հայրենի բուռ մը հողի վրայ հաւաքուած ենք մեծարելու կրթական մշակ, մանկավարժ, գրագէտ Պէպօ Սիմոնեանը: Դանիէլեան մեծ դրուատիքով անդրադարձաւ Սիմոնեանի գրական ու մշակութային վաստակին` թուելով անոր գրական մշակութային իրագործումներն ու այլ պարգեւատրումները: Մեծարեալի կենսագրականին կողքին Դանիէլեան զուգահեռ մը գծեց իր եւ Սիմոնեանի հասարակաց թէ միացեալ իրագործումներուն եւ նուաճումներուն մասին:

Ապա դեսպան Քոչարեան ընթերցեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրը, ըստ որուն Պետրոս  Տիգրան Գալայճեան (ծանօթ` Պէպօ Սիմոնեան անունով) կը պարգեւատրուի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով: Հրամանագիրը խիստ բարձր կը գնահատէր մեծարեալին գրական ու մշակութային ներդրումը Հայաստան-սփիւռք կապերու սերտացման ճիգերուն մէջ: Իր կարգին, մեծարեալ Պէպօ Սիմոնեան խորին երախտիքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին` ընդգծելով, որ սփիւռքի մէջ Հայաստանի դեսպանատուներու իւրաքանչիւր բեկոր հայրենի հող է: Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան ասմունքեց մեծարեալի ստեղծագործութիւններէն «Արցախը մերն է» ոտանաւորը: Իսկ Նանօր Մաճառեան միաժամանակ դաշնակի ընկերակցութեամբ մեներգեց «Հայրենի դրախտ երկիր»-ը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Մասիս Ծ. վրդ. Զոպույեանի պահպանիչով:

 

 

 

Նախորդը

Լեզուաբան Հիլտա Գալֆայեան Այցելեց «Ազդակ»-ի Խմբագրատուն

Յաջորդը

Գրական – Գեղարուեստական Երեկոյ` Նուիրուած Պոլսահայ Բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.