Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ

October 30, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Պատմական Օրը

Հայաստանեայց եկեղեցին պատմական օր մը ապրեցաւ անցեալ շաբաթ օր, երբ Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքի պատրիարքարանի դահլիճին մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա. ե Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա. ողջագուրուեցան՝ վերջ տալով Ս. Էջմիածնի եւ Անթիլիասի միջեւ եօթը տարիներէ ի վեր արհեստականօրէն ծնունդ առած տարակարծութիւններուն եւ վէճերուն։

Հայ ժողովուրդը, իր ընդհանրական ապրումներուն մէջ, խորապէս կապուած իր եկեղեցիին, զոր կը նկատէ ամուր կռուաններէն մէկը իր գոյութեան, խանդավառութեան պահեր ապրեցաւ այս քանի մը օրերու ընթացքին՝ իր  միասնականութեան ճամբուն վրայ նետուած կարեւոր քայլ մը նկատելով երկու վեհերուն հանդիպումը։

Բացառիկ կերպով սրտապնդիչ ու խրախուսիչ են այն յայտարարութիւնները, որ մեր նուիրապետական զոյգ աթոռներուն գահակալները ունեցան Երուսաղէմի մէջ՝ թարգման հանդիսանալով այն խոր ցանկութեան, որ ամբողջ հայութեանն է, վեր բոլոր տեսակի կողմնակի հաշիւներէ եւ նկատումներէ։

Երկու վեհերը իրենց յայտարարութիւններով նուիրագործեցին այն, ինչ որ տարիներէ ի վեր հայ ժողովուրդին խորունկ համոզումը եղած էր։ Այլ խօսքով, եկան հաստատելու, թէ հինէն ի վեր «Ս. Էջմիածնի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռներու վեհափառ ու սրբազան գահակալները, բոլոր դժուարութեանց առթիւ, մէկը միւսին օգտակար լրացուցիչները եղած են։ Հոն, ուր Էջմիածինը չէ հասած, հասած է Կիլիկիան։ Հոն, ուր Կիլիկիան չէ հասած, հասած է Էջմիածինը»։

Ոչ մէկ պատճառ կայ, եօթը տարիներու անհասկացողութիւններէ եւ անտեղի տագնապէ մը ետք, որ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռները չվերագտնեն համերաշխութեան նոյն ուղին, որ հայութեան պահանջն է, հայութեան իտէալներուն եւ ձգտումներուն իրագործման գրաւականը։

Անկախ տեղական բնոյթ կրող բոլոր պայքարներէն, որոնք հանրային կեանքին մէջ անխուսափելի են, հայ ժողովուրդը պէտք ունի միասնականութեան՝ իր հիմնական նպատակներուն հասնելու գծով։ Կարեւորը այն է, որ մեր հանրային կեանքը ընթանայ այդ ուղիով՝ փոխանակ ճապաղելու մասնակի երեւոյթներու մէջ։

«Կարեւորը այն է, որ հիմնական մնանք մեր զգացումներուն վրայ, որպէսզի կարենանք կենսագործել մեր բոլոր եկեղեցաշէն եւ ազգանուէր նպատակները, որ մեզմէ կը սպասէ հայ ժողովուրդը, Հայաստան աշխարհէն ներս եւ ի սփիւռս աշխարհի, իբրեւ մէկ եւ անբաժանելի ժողովուրդ, առաւել եւս՝ եկեղեցի»։

Վազգէն կաթողիկոսի այս խօսքերը չեն կրնար արձագանգ չգտնել սահմանին այս կողմը, ուր հայրենասէր ժողովուրդ մը գերմարդկային ճիգեր ի գործ կը դնէ՝ հայ մնալու, հայ զգալու, հայ ապրելու համար։

Մարդկութիւնը կþապրի ճակատագրական օրեր։ Ազգային զգացումներու ալիք մը կը ծաւալի աշխարհի մէկ ծագէն միւսը։ Ժողովուրդներ, դարերու խաւարէն դուրս գալով, կը բարձրանան միջազգային բեմ, ուր այլեւս համրանքին չէ վճռական խօսքը։

Հայ ժողովուրդը, իր էութեան մէջ, իր հոգիին մէջ, երկու վեհափառներու ողջագուրումէն եւ հաշտութենէն անդին, կը տեսնէ իր ներքին միութեան, ներքին համերաշխութեան, իր անբաժանելինութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ՆԵՐԿԱՅ պատասխանէ պատմութեան կոչին, երբ ան գայ զարնելու մեր դուռը։

Գլխաւորաբար այս մօտեցումն է, որ ողջունելի կը դարձնէ երկու գահակալներուն եղբայրական ողջագուրումը, իր այլապէս խրախուսիչ եւ անմիջականօրէն զգալի եւ շօշափելի արդիւնքներու կողքին։

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա. Երուսաղէմի մէջ ընդունելով մեր մասնաւոր թղթակիցը՝ հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրած է.

Յանուն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, ձեր միջոցաւ մեր ողջոյնը եւ հայրապետական օրհնութիւնը կը յղենք Լիբանանի, այնտեղ բնակող մեր Ս. եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներուն անխտիր, որոնք խաղաղ ու բարգաւաճ կþապրին իրենց նախնեաց սուրբ հաւատքով, իրենց կրթական եւ մշակութային կազմակերպութիւններով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բարձր հովանիին եւ առաջնորդութեան ներքեւ։

Մենք աստուածային օրհնութիւն կը հայցենք լիբանանեան հայրենիքին եւ ազնուահոգի արաբ ժողովուրդին։

Մենք կը մնանք աղօթող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ պատմական աթոռին ծաղկումին համար, մէկ եւ անբաժան Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ծոցին մէջ եւ կը մաղթենք շինարար աշխատանքի նոր շրջան մը Մայր Աթոռիս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ միւս նուիրապետական աթոռներու միջեւ միասնութեան ոգիով։

Աղօթող ենք նաեւ, որ ՏԷրը արեւշատութեան եւ երջանիկ հովուապետութեան տարիներ պարգեւէ մեր սիրեցեալ եղբօրը՝ Խորէն Ա. շնորհազարդ կաթողիկոսին։

Մենք կը հաւատանք, թէ մեր երկու կաթողիկոսներու 26 հոկտեմբերի սիրոյ ողջագուրումով յԵրուսաղէմ, ամուր հիմք մը հաստատեցինք, որուն վրայ պիտի բարձրանայ մեր եկեղեցիի նոր կեանքի յաղթութեան կամարը՝ սիրոյ, խաղաղութեան եւ միութեան, ի մխիթարութիւն մեր ազգի բոլոր զաւակներուն։

Թող Աստուած օրհնէ մեր Սուրբ եկեղեցին եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

ՎԱԶԳԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ’ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»՝ Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Թրիփոլիի Սուրբ Հոգեգալստեան Եկեղեցւոյ Օծումն Ու Օրհնութիւնը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.